-
Բոլոր ծնողները լաւագոյնը
կը ցանկան իրենց զաւակներուն,
-
բայց արդեօք ձեր զաւակին
արտադպրոցական զբաղումները
-
մնայուն կերպով ձեր ակնկալած արդիւնքը կու տան :
-
Թերեւս ժամանակն է մտածելու որ ձեր զաւակը
պէտք է երաժշտական կրթութիւն ստանայ:
-
Մանկութեան շրջանին ապացուցուած է,
որ երաժշտական կրթութիւնը
-
ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ:
-
Անիկա կը բարելաւէ աշակերտին ուշադրութիւնը,
-
զարգացնելով անոր վերացական մտածողութիւնը
եւ ստեղծագործականութիւնը:
-
Երաժշտական կրթութիւն ունեցող մանուկները սովորաբար
-
աւելի լաւ լսողութեան եւ յիշողութեան ունակութիւններ ունին:
-
Ինչպէս նաեւ, երաժշտութիւնը ուղեղին երկու կիսագունդերը կ'աշխատցնէ
-
եւ մանուկները կը մղէ
-
միաժամանակ տարբեր աշխատանքներ կատարելու:
-
Երաժշտութիւնը եւ թուաբանութիւնը
չափազանց փոխկապակցուած են:
-
Ըմբռնելով ռիթմերը, կշռոյթը եւ աստիճանաչափերը
-
նոյնիսկ ամէնէն փոքր տարիքի երաժշտական գործիք մը նուագողները
կը սորվին բաժնել եւ ստեղծել երաժշտական ստեղծագործութեան մասերը
-
ինչպէս նաեւ ծանօթանալ երաժշտական նմուշներուն:
-
Երաժշտութիւնը կ'օգնէ նաեւ մանուկներուն ներդաշնակ զարգացումը
եւ շարժական աճումը ապահովելու,
-
ինչպէս նաեւ անոնք կը դառնան կարգապահ
եւ ինքնահամարում կ'ունենան:
-
Այն աշակերտները որոնք կը մասնակցին
երաժշտական յայտագիրներու
-
միշտ իրենց դասընկերներէն աւելի բարձր նիշեր կ'ապահովեն
թուաբանութեան եւ անգլերէնի մէջ
-
-
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են նաեւ թէ
-
այն անձերը որոնք երաժշտական դասերու
հետեւած են փոքր տարիքէն
-
յաճախ կ'ունենան շատ լաւ լսողութիւն
նոյնիսկ 50 տարի վերջ:
-
Ձեր զաւակը երաժշտութեան դասընթացքի
արձանագրելու որոշումը կրնաք առնել առանց մտածելու:
-
Ծնողներ, աշխատեցէք զարգացնել
ձեր զաւակին մտային եւ զգացական կարողութիւնները
-
եւ երաժշտութիւն նուիրեցէք անոր:
-
Մեր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին երաժշտական գործիք մը նուագելու առաւելութիւններուն մասին աւելի իմանալու համար
-
Այցելեցէք nammfoundation.org կայքէջը: