Բոլոր ծնողները լաւագոյնը կը ցանկան իրենց զաւակներուն, բայց արդեօք ձեր զաւակին արտադպրոցական զբաղումները մնայուն կերպով ձեր ակնկալած արդիւնքը կու տան : Թերեւս ժամանակն է մտածելու որ ձեր զաւակը պէտք է երաժշտական կրթութիւն ստանայ: Մանկութեան շրջանին ապացուցուած է, որ երաժշտական կրթութիւնը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ: Անիկա կը բարելաւէ աշակերտին ուշադրութիւնը, զարգացնելով անոր վերացական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը: Երաժշտական կրթութիւն ունեցող մանուկները սովորաբար աւելի լաւ լսողութեան եւ յիշողութեան ունակութիւններ ունին: Ինչպէս նաեւ, երաժշտութիւնը ուղեղին երկու կիսագունդերը կ'աշխատցնէ եւ մանուկները կը մղէ միաժամանակ տարբեր աշխատանքներ կատարելու: Երաժշտութիւնը եւ թուաբանութիւնը չափազանց փոխկապակցուած են: Ըմբռնելով ռիթմերը, կշռոյթը եւ աստիճանաչափերը նոյնիսկ ամէնէն փոքր տարիքի երաժշտական գործիք մը նուագողները կը սորվին բաժնել եւ ստեղծել երաժշտական ստեղծագործութեան մասերը ինչպէս նաեւ ծանօթանալ երաժշտական նմուշներուն: Երաժշտութիւնը կ'օգնէ նաեւ մանուկներուն ներդաշնակ զարգացումը եւ շարժական աճումը ապահովելու, ինչպէս նաեւ անոնք կը դառնան կարգապահ եւ ինքնահամարում կ'ունենան: Այն աշակերտները որոնք կը մասնակցին երաժշտական յայտագիրներու միշտ իրենց դասընկերներէն աւելի բարձր նիշեր կ'ապահովեն թուաբանութեան եւ անգլերէնի մէջ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են նաեւ թէ այն անձերը որոնք երաժշտական դասերու հետեւած են փոքր տարիքէն յաճախ կ'ունենան շատ լաւ լսողութիւն նոյնիսկ 50 տարի վերջ: Ձեր զաւակը երաժշտութեան դասընթացքի արձանագրելու որոշումը կրնաք առնել առանց մտածելու: Ծնողներ, աշխատեցէք զարգացնել ձեր զաւակին մտային եւ զգացական կարողութիւնները եւ երաժշտութիւն նուիրեցէք անոր: Մեր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին երաժշտական գործիք մը նուագելու առաւելութիւններուն մասին աւելի իմանալու համար Այցելեցէք nammfoundation.org կայքէջը: