Ուրեմն, հիմա կը սկսինք, եթէ ջարդ, քու ընտանիքիդ պատմութիւնը արդէն մինչեւ... - Օքէյ, նախահայրերս, պապիկն ու տատիկը, ուրեմն, 1915 թուականին իմ նախահայրերս, մօրս կողմէն եկած եմ Մարաշէն հօրս կողմէն եկած եմ Պուրսայէն, բայց հայրս, մայրս ծնած են, ապրած են Հալէպում, ես ալ նոյնպէս Հալէպ քաղաքին մէջ ծնած եմ, այդտեղ դպրոց գացեր եմ մանկութիւնս բոլոր Հալէպի մէջ անցուցեր եմ, դպրոց գացեր եմ Հալէպ, ունեցեր եմ միջավայր եղեր եմ հայերէն լէզուի ուսուցչուհի: Ուրեմն, ընկերներս բոլորը թողեր եմ իմ միջավայրը ու եկեր եմ Երեւան: Պատմութիւններ գիտես` ինչպէ՞ս քու մեծ հայրիկները, մեծ մայրիկները ինչպէ՞ս Թուրքիա, Սուրիա եկած են: Ինչպէ՞ս, շատ յստակ չէ, Մարաշէն եկողները 1915 թուականին գաղթականներու խումբին հետ միացեր են, եկեր են, հասեր են Հալէպի որբանոցը: Հալէպի որբանոցին մէջ, ուրեմն, իմ մեծ մօրս հետ ծանօթացուցեր են, մեծ հօրս հետ ծանօթացուցեր են եւ ամուսնացեր են իրենք, հօրս կողմէ նորէն այդպէս որբանոցի երեխաներ, զաւակներ եղեր են, նորէն որբանոցի կողմէն ծանօթացուցեր են իրենց զոյգերուն եւ ամուսնացեր են այդ պայմաններով: Գիտես ի՞նչ կ'աշխատէին, իր գործերը: Ես չեմ գիտեր շատ, աւելի նախնիները չեմ իմանում ի՞նչ կ'աշխատէին, բայց ընդհանրապէս հօրս կողմէ հողեր ունեցեր են, կալուածներ ունեցեր են հողագործութեամբ զբաղուեր են, մօրս կողմէն ինծի համար մութ է, շատ հին սերունդ եղեր են, հեռու եղած են ինծի համար մութ է, որ ի՞նչ աշխատեր են, մեծ հայրս նորէն արհեստաւոր եղած է` մէքանիք Ուրիշ ի՞նչ ասեմ: Եւ գիտես` ինչպէ՞ս էր, որ նոր կեանք պետք է սկսին Հալէպի մէջ, Ցեղասպանութիւնին վերջ գիտես ի՞նչ դժուարութիւններ... - Այո, անշուշտ է ցեղասպանութենէն վերջ ունեցեր են իրենց դժուարութիւնները, նախ, ապրեր են թիթեղեայ տուներու մէջ եւ կոչուեր է թիթեղեայ տուներ հայերու, թիթեղեայ տուներ կոչուեր է` արաբերենով ըսեմ «պարրաքադ ըլ արման»: Յետոյ հայերը իրենք կառուցեր են, իրենց տուները ունեցեր են, արդէն իրենց կեանքը դէպի առաջ յառաջացուցեր են, բայց արդէն հազիւ մենք եկեր ենք Հալէպ կամ ըսեմ` Սիրիա ընդհանուր, ըսեմ, ունեցեր ենք մեր եկեղեցիները, եկեղեցիներուն կողքին անպայման ունեցեր ենք դպրոցներ, թեկուզ տարրական դպրոցներ սկիզբը ունեցեր ենք: Ժողովուրդը բոլոր թրքախօս եղած են, 500 տարի խօսեր են պարտադիր թրքերէն, բայց որ, երբ Հալէպ եկած են դպրոցներու, դպրոցներու միջոցով կրկին նոր սերունդը հայացուցին, հայերէն սորվեցուցին սերունդէ սերունդ, մենք ալ հայացանք, արդէն հայերէն կը խօսինք, հայկական դպրոցներ ունինք, մինչեւ երկրորդական դպրոց ունինք հայերէնով: Եւ Հալէպի մէջ ինչպէ՞ս Ցեղասպանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը կը յիշէք: Ուրեմն, ապրիլ 24-ին առաւոտը կ'երթանք գերեզմանները, այդտեղ մատուռի շուրջ կը հաւաքուէինք աղօթքով, յետոյ մոմավառութեամբ, այդ շրջանին մի քանի օր ակումբներէն ներս, հայկական ակումբներուն ներս դասախօսութիւններ տեղի կ'ունենան, որպէսզի սերունդէ սերունդ շարունակենք յիշենք, չմոռնանք, որովհետեւ հայապահպանման հարց ունինք մենք, միայն ապրիլ 24-ի, արցունքի հարց չէ, մենք կը նեղուինք, կը յուզուինք, ճիշդ է մեր, մեզի պատահածներով, բայց որ վերածնուած ազգ ենք, մենք տակաւին կ'ապրինք, մենք տակաւին կանք: Ինչ, որ ըսուած է, որ պիտի սպանեն մինչեւ վերջին հայը եւ պիտի մնայ 1 հայ, այդ ալ պիտի դնեն թանգարան, այդ մէկը չյաջողեցան իրենք, որովհետեւ իրենք չի յաջողեցան այդ մէկը ընելու, ուրեմն մեզի համար ապրիլ 24-ը, ճի՛շտ է` սուգ է, բայց միեւնոյն ատեն գոյատեւման յաղթանակը ունինք, որ մենք դեռ ներկայ ենք, դեռ կանք, դեռ պահանջք ունինք, յատուցում կ'ուզենք, այսինքն` չենք քնած, արթուն ենք սերունդէ սերունդ, կը պատրաստենք մեր միութիւններու միջոցով, հայ ոգիով մեծցող, հայ հոգիով մեծցող սերունդ կը պատրաստենք: Իսկ հիմա քու մանկութիւնդ քիչ մը... - Իմ մանկութիւնս շա՛տ ուրախ... Ո՞ր շրջանին մէջ: - Հալէպ, Հալէպ, Հալէպ: Հալէպ ծնած եմ: Ո՞ր թաղամասը: - Սուլէյմանիէ թաղամասը: Հալէպ ծներ, մեծցէր եմ, նոյն իմ տանս մէջ, տունս տակաւին կայ, բարեբախտաբար, ուրախ մանկութիւն ունեցեր եմ, շատ ուրախ, միշտ լաւ կեանք ունեցեր եմ, միշտ: Եւ ո՞ր դպրոց գացեր եք: Լազար Նաճարեան դպրոց գացեր եմ, այդտեղ յաճախեր եմ, 1984-ի շրջանաւարտ եմ, միութիւնները, որպէս ակումբ, միութիւն` ես չեմ ուզեր զատողութիւն դնել, տարբերութիւն դնել, բոլոր միութիւններն ալ իրենց գործերը կը կատարեն, ամէն մէկը իր ձեւով, իր սկզբունքներով, բայց բոլորին նպատակը հայապահպանման հարցն է սփիւռքի մէջ, թատրոններու կ'երթայինք մենք ընտանիքով չ'ունինք այդ բարդոյթը, որ նախընտրենք որոշ ուղղութիւն մը, միւսը արհամարհենք ու չ'երթանք, չէ՛, բոլորն ալ թատրոններու կամ գրական երեկոներ, որ ինչ, որ կը պատրաստուէինք, բոլորին ալ ընդհանրապէս ներկայ գտնուեր ենք: Ես սկաուտական շարքերուն մէջ ծառայեր եմ, մի քանի տարի կարճ ժամանակով, կեանքիս գեղեցիկ տարիներէն մէկն էր: Եւ մինչեւ ե՞րբ դպրոց գացիր: '84 թուականին շրջանաւարտ էի high school (աւագ դպրոց) Եւ վերջը ըսիր... - Յետոյ հայագիտական ըրած եմ: Համալսարա՞ն: - Հայագիտական այդտեղ, համազգայինը հայագիտականի մասնաճիւղ բացած էր, եւ աւելի առաջ, շատ-շատ առաջ British Council գացեր եմ: Եւ վերջը ի՞նչ գործ կ'ընէիր: - Հայերէն լէզուի ուսուցչուհի եղեր եմ: Եւ երբ, որ հայերէնի ուսուցչուհի էիր, կը զգայի՞ր, որ քու պարտականութիւնդ... - Պատասխանատուութիւնս, այո, Որ պզտիկներու հայ լեզու եւ հայ մշակույթը սորվեցնել: - Այո՛, ճիշդ ատ է, մշակույթը կարեւոր է, ոչ թէ միայն հայերէն, հայերէն դասաւանդելը սփիւռքի մէջ, մեծ-մեծ պատասխանատուութիւն է, միայն հայերէն գրել կարդալը չէ՛, որ պիտի սորվեցնես, կամ քերականութիւնը կամ գրականութիւնը, պիտի ծանօթացնես ազգին արժէքները: Ազգին արժէքաւոր եզակի անձերուն, որպէսզի ինքը հպարտանայ, զգայ պատկանելիութիւնը, ճանչնայ մէկը, որ իրեն հարցնէ «Դուն ո՞վ ես», ըսէ «Ես հայ եմ»: լաւ, հայը ո՞վ է, ինչպէս կը կարենայ ըսել, որ հայը այն ազգն է, որ ապրած է Տիգրան Մեծի օրով, շատ աւելի առաջ հզօր պետութիւն եղեր ենք, որ Ծովից Ծովով ունեցեր ենք Վիկտոր Համբարձումեանի պէս եզակի անձնաւորութիւններ, Արամ Խաչատուրեանի պէս ուրիշ շատ անձնաւորութիւն, որ մէկ-մէկ հաշուելու համրելու ըլլանք, մեր ֆետայիներու կեանքով, կենսագրութիւնով պէտք է մենք հպարտանանք, սրանք բոլորը պէտք է ծանօթացնենք նոր սերունդին, որ ինքը իմանայ որ հայը ո՞վ է ճանչնայ հայը ո՞վ է, եւ ինք այդ պատկանելիութեան զգացումը ունենայ, միայն հայերէնը խօսելով չի՛ բաւեր: Եւ դուն ուսուցչիչ ո՞ր դպրոցի մէջ... - Զուարդնոց վարժարան: Եւ կը զգայի՞ր, որ աշակերտները հետագրգրուած են: Ուսուցչուհին ինքը հետաքրքրութիւնը ստեղծէ, գրական նիւթերը ընդհանրապէս չոր նիւթեր են այդպէս կ'ըսեն, բայց այդպէս չէ՛, եթէ ուսուցչուհին կարենայ ինչ-որ մշակութային երանգներ մտցնէ, մանաւանդ մեր մշակույթը շատ գեղեցիկ է կրնաս աւելի հետաքրքիր դարձնել, աւելի աշակերտները առարկային կապել, այդ բոլոր աշխանաքը ըրի, չեմ գիտեր ո՞րքան կրցայ յաջողիլ, ափսոս, որ երկար չեմ աշխատած, միայն 10 տարի: Աւելի առաջ անգլերէնի ասպարէզով աշխատեր եմ ոչ-հայերու հետ Եւ երբ, որ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի էիր, կը զգայի՞ր, որ Սուրիայի մէջ ազատ էիր, որ որեւէ մէկ բանի ըսել... - Այո՛: դպրոցի մէջ, կամ պետութիւնը ըսաւ «Ասի չես կրնար» «Ասի կրնաս», ինչպէ՞ս էր: Մեզի արտօնութիւն տրուած է շաբաթը 4 ժամ հայերէն լեզուն դասաւանդել հայկական դպրոցներէն ներս եւ 2 ժամ ալ կրօնի դաս եւ մենք ազատ էինք, մեր դասագիրքերը ունէինք հայերէնով, կրօնի դասագիրքեր ունէինք հայերէնով նորէն, ոչ մէկ կաշկանդում չկայ, մենք շատ ազատ եղեր ենք, նոյնիսկ ունեցեր ենք մեր մամուլը, մեր թերթը մեր, մենք հայերէնով գիրքեր կը տպէինք, տպելու արտօնութիւն կը ստանայինք սուրիական կառավարութենէն եւ շատ հեշտութեամբ: Մինչեւ այն ատեն, որ չես սխալվիր, պետութեան դէմ բան մը չես ուղղեր կամ կրօնքի դէմ, արդէն ինքնոյն հայ ըլլալդ մեծ յատկութիւն էր Սիրիայի մէջ, փոքրամասնութեան մէջը մենք ամէնաշատ իրաւունքներ ստացեր էինք, բոլորը հաւասար էին, մինչ այդ, բոլորը հաւասար էին, արաբը, հայը ասորին, քիւրտը, բոլորը հաւասար իրաւունքներ ունէին, բայց մենք, ուրիշ փոքրամասնութիւններուն նայելով` մենք դպրոցներ ունէինք, մամուլ ունէինք, թատերական սրահներ ունէինք, սկաուտական շարքեր ունէինք, բոլոր իրաւունքները ստացած էինք, ոչ մէկ ատեն տարբերութիւն, զատողութիւն կամ դժուարութիւն չզգացինք պետութեան կողմէն, ոչ առաջուայ նախագահին օրով, ոչ ալ ներկայի: Կը զգա՞յիր դժուարութիւններ, ըսիր, որ դժուարութիւն չի կար պետութիւնէն, բայց մարդերէ՞ն: Ժողովու՞րդը: - Հա՛: Չէ՛, շատ յարգանքով էին մեզի նկատմամբ, արաբ ժողովուրդը մեզ նկատմամբ շատ յարգանքով եղած են, մենք ունեցեր ենք, բոլորս ալ ընկերութիւններ ունեցեր ենք, լաւ ընկերներ, անկեղծ ընկերներ ունեցեր ենք, ո՛չ մէկ ատեն մեզի չեն ըսած «Դուք հայ եք» «Ի՞նչու այստեղ կ'ապրիք, գացէ՛ք Հայաստան»: Ոչ մէկ ատեն չեն ըսած, ընդհակառակը, իրենք մեզմով ուրախ էին, մեր արաբական այդ միջավայրը միշտ յարգանք ցոյց տուած է հայերու նկատմամբ: Բայց դեռ տարբերութիւններ կան քու շփումները հայերուն հետ եւ ոչ-հայերուն հետ, տարբե՞ր էր: Տարբերութիւն, որպէս սուրիացի` բոլորը մէկ են, տարբերութիւն չի կրնար ըլլալ, որպէս սուրիական մշակոյթ` բոլորս հաւասար, բոլորս նոյնիսկ չէինք նկատած, որ ո՞վ, ի՞նչ է, բայց որ կրօնական առիթները, որ կ'ըլլան, անշուշտ է մեր կրօնական այդ առիթները, որ Զատիկն է, այդ տօնական օրերը մենք կը զգանք, որ մենք անշուշտ քրիստոնեայ ենք, տարբեր կը նշենք, բայց ընդհանուր, ընդհանուր ձեւով մենք մէկ էինք, տարբերութիւն չի կար մեր մէջ, հակառակը, կ'երթայինք, կու գայինք, կ'այցելէինք իրարու, իրենք կ'այցելէին մեր տօնական օրերուն, մենք իրենց կ'այցելէինք, կը շնորհաւորէինք, չենք զգացած տարբերութիւնը Եւ երբ, որ մեծցար, գործէն զատ ի՞նչ կ'ընէիր կեանքիդ մէջ: Ուժեղ ընկերային կեանք ունէի, ուժեղ ընկերային կեանք: Ես կը սիրեմ ընկերներ, ընկերուհիներ, եղբօրս հետ շատ մը տեղեր գացեր, պտտեր ենք հնութեան տեղեր, ամրոցներ կամ, Սիրիա հարուստ երկիր է իր հնութեամբ, եթէ լսած եք Բալմէրա քաղաքը, արդէն Բալմէրան շատ նշանաւոր է, հնութեան տեղերը շատ պտտած ենք եղբօրս հետ: Ուրիշ բան մը կ'ուզէ՞ս բացատրել քու կեանքիդ պատերազմէն առաջ: Սիրիա, պատերազմէն առաջ ես մասնաւոր բան մը չունիմ ըսելու, արդէն ըսի ամէն ինչ, որ ինչպիսի կեանք ապրեր ենք, շատ լաւ ապրեր ենք, ուրախ անցուցեր ենք դժուարութիւններ, ընդհանրապէս, դժուարութիւն ըսելով չենք կրնար ըսել, կեանքի նորմալ դժուարութիւններն էին, յաղթահարեր ենք, մինչեւ պատերազմը շատ լաւ էր: Պատերազմէն վերջ ամէն ինչ փոխուեցաւ: 2011ի առաջ նշաններ կա՞ն, որ պատերազմ պիտի ըլլայ: Ընդհանրապէս կ'ըլլան նշաններ, դէպքեր կամ որոշ պետութիւններ, օրինակ, կը սպառնան: Մենք միշտ արեւելեան երկիրները եղած են այդ վտանգի տակ, որ միշտ պատերազմի վախը եղած է, բայց յստակօրէն մինչեւ վերջին վայրկեան չես կրնար գիտնալ, որ անպայման պիտի պատերազմ ըլլայ, դեռեւս ձեւով մը կը համաձայնին, այդ ձեւով կը համոզուիս միշտ յոյս ունիս, որ չ'ըլլար պատերազմը: Եւ ե՞րբ տեսար, ե՞րբ կը զգայիր պատերազմը սկսաւ Հալէպի մէջ, առաջին բաները ի՞նչ էին: Նախ ծայրամասերն էին, ձայները կը լսէինք, արդէն ես եկայ Հայաստան, եկայ պտտելու 2 ամիս, պիտի վերադառնայի Հալէպ, իրենք եկան Հալէպը գրաւեցին, մնացի շրջան մը, Հալէպէն շատերը եկան 2012 թուականին էր եկան սեպտեմբերին, օգոստոսին: Այս շրջաններն էին արդէն, ես ալ մնացի, յետոյ կրկին վերադարձողներ եղան, Նոր տարիին ես ալ վերադարձայ, 6 ամիսով մնացի, յետոյ ետ դարձայ, 2013 թուականին յունիսին ետ վերադարձայ Հայաստան, արդէն եկայ այստեղ: Եւ երբ, որ կը ճամբորդէիր Սուրիա դէպի Հայաստան... - Հա՛: Ինչպէ՞ս էր ճամբան: Առաջին անգամ ինքնաթիռով եկայ, ինքնաթիռով ալ վերադարձայ, բայց 2-րդ գալս անձնական ինքնաշարժով եկանք, անձնական միջոցներով թրքական սահմանէն անցանք Վրաստան, յետոյ Հայաստան: Դժու՞ար էր: - Դժուարութիւն անշուշտ պիտ ըլլար, պիտ ըլլար դժուարութիւն, յայտնի էր, անօրէն ձեւով ելած ենք, դժուարութիւն պիտ ըլլար: Եւ այդ 6 ամիսները, որ ետ գնացիր - Այո: Հալէպ, վիճակը ինչպէ՞ս էր: - Շատ վատ էր: Շատ վատ էր, հոսանք չկար, ջուր չկար, չէ՛, ջուր կար, ներողութիւն, սկիզբը, յետոյ միշտ մահուան վախը կար, մահուան վախը, չէ՛, աւելի մեռնելու ձեւը, որ այդքան վայրենի, այդքան Youtube-ի մէջ ինչեր նկարահաներ, դրեր էին, մահէն աւելի մեռնելու ձեւը կը վախնայիր, անընդհատ իրենց ձայները կը լսէիր ռմբակոծումը, գիշերով աւելի կ'ուժեղանար, ցերեկը մի քիչ աւելի թեթեւ: Եւ ի՞նչու համար ետ... - Կեանքի ապահովութեան համար դարձանք: կեանքի ապահովութեան համար դարձայ Հայաստան: Ի՞նչու համար Հայաստանէն ետ գացիր Սուրիա: Գացի Սուրիա, որովհետեւ եղբայրս այն ատեն Սուրիա էր, եւ Նոր տարի պիտի անցնէր, է՛ մէկը չ'ունինք մենք, չեմ ուզեր, չ'ուզեցի եղբայրս մնայ մինակ, ես այստեղէն գայ այդ տեղ, ռիսք ըրի, չ'ուզեցի, աշխարհի վրայ միայն ես կամ իրեն համար, ինքն ալ ինծի համար, այդպէս գացի, յետոյ ալ միասին վերադարձանք արդէն: Եւ միւս ընտանիքները Հալէ՞պ մնացէր են: Հայր, մայր չ'ունիմ, ուրիշ հարազատ, հայրս, մայրս չկան, արդէն մահացեր են, եղբայրս ալ... մայրս պատերազմի սկիզբը, ոչ պատերազմի պատճառով, հիւանդութեան պատճառով, բայց հայրս շատ աւելի շուտ մահացեր է: Եւ առաջին անգամ, որ Հայաստան գնաց ատի քո առաջին անգամ կեանքիդ մէջ, որ Հայաստան... Չէ՛, 2004 թուականին եկած էի ուսուցչուհիներու հետ վերապատրաստման եկած էի, 1 ամիս արդէն սիրահարուեր էի Հայաստանի, հոգիս մնացեր էր այստեղ, շատ կ'ուզէի ապրիլ Հայաստան, միշտ ալ որոշեր էինք, որ անպայման ընտանիքով, այսինքն` եղբայրս, որ այն ատեն կու գար` որպէս սբոսաշրջիկ կու գար Հայաստան, միշտ կ'որոշէր, որ կը տեղափոխուինք յետոյ ետ կը վերադառնանք, կ'ըսէր դժուար է այդտեղ, մեր գործը Հալէպ աւելի կարգին է, բայց եկանք: Եւ այդ 2012 թուականը, որ եկած եք... - Եւ վերջին գալս` 2013: Բայց առաջինը` 2012... - 2012 թուական: Այդ ժամանակ... -Առաջին-առաջինը 2004: Երկրո՞րդը: - 2012 թուական: Ինչպէ՞ս էր, որ... - Տարբերութի՞ւնը: Ո՛չ, ինչպէ՞ս կը զգայիր Հայաստանի մէջ, կեանքը ինչպէ՞ս էր դժուարութիւնները ի՞նչ էին: 2012-ի՞ն: - Այո՛: 2004-ի՞ն այսինքն` տարբերութիւնը ի՞նչ էր: - Չէ՛, չէ՛, ո՛չ տարբեր: Միայն երբ, որ 2012 ըսիր, որ պտոյտի եկար: - Այո՛: Բայց վերջը մնացիր: - Հա՛ Այդ ժամանակ ինչպէ՞ս էր: Ապրիլը ուրիշ տեսակ բան է, բայց որպէս սբոսաշրջիկ` տարբեր է, ապրելու շատ դժուար է, Հայաստան լաւ գործ պիտ ունենաս անպայման: Եւ երբ, որ մտածեցիր, որ պտոյտի եկար, բայց հիմա պիտի մնամ, մէկը քեզի օգնե՞ց, որ գիտե՞ս ուր կ'ապէիր կամ... - Ես... Ինչպէ՞ս գործ ընել... - Չէ՛, որոշ ինչպէ՞ս օգնէին: Ես Էջմիածին կը մնայի, շատ լաւ էր ժողովուրդը, միշտ ունեցեր եմ հարեւաններ, դրացիներ, որ հազիւ փոխադրուեր եմ տուն մը, եկած են, միշտ հարցուցեր են` ինչի՛ պէտք ունիս: Եթէ որ ըսէի` այո պէտք ունիմ, միշտ առաջարկեր են կաթսա, վերմակ, բարձ, հագուելիք, եթէ ըսէի` այո պէտք ունիմ, կ'երեւի ես սենեակներով կաթսաներ կ'ունենայի, վերմակներ կ'ունենայի, միշտ ժողովուրդին առաջարկ եղեր է, օգնութեան առաջարկ միշտ լաւ վերաբերմունք տեսած եմ: Օգնութիւն` որպէս ստացեր եմ Առաքելութիւն Հայաստանէն, տան վարձքը վճառեր են ինծի համար, ուրիշ Կարմիր խաչէն գիրքեր ստացեր եմ ` օգնութիւն որպէս, հա՛, կարժէ նշելը: Եւ ունինք ՄԱԿ-ը` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, նորէն ինքը արդէն ձեռք երկարած է, օգնած է միշտ մեզի, սուրիական կեդրոններ ալ ունինք` ԱԿՄԱ-ն, սնունդ կը բաժնէ մեզի, 3 ամիս-4 ամիս անգամ մը լաւ ձեւով: Ունինք բարեգործականը, Քանաքեր մէկը, հիմա ներկայիս անվճար բժշկութիւն մեզի յատկացուցած է, բժիշկները անվճար կ'աշխատին մեզի համար, սուրիացի բժիշկներ են, պետութիւնն ալ արդէն ուսումը անվճար ըրած է, բոլիքլինիքան անվճար ըրած է, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեզի կ'օգնէ: Եւ այս առաջին անգամը որ, որչա՞փ առաջին, երկրորդը... կ'աշխատէի՞ր այդ ժամանակ: - Ո՞րտեղ: Այստեղ: - Այստեղ ես անձնական դասեր տուեր եմ տան մէջը, պարապեր եմ, հայաստանեաց լէզուն պարապել կ'ըսեն: Ուրեմն, անձնական դասեր տուած եմ երեխաներուն, այդ ձեւով ալ կրցեր եմ ապրիլ: Եւ երրորդ անգամ... - Չէ՛, վերջին գալուս անձնական դասեր սկսերեմ տալու, բայց որ եկած էի` որպէս զբօսաշրջիկ, ո՛չ, պտտեր էի: 2014-ի թուականին, այդ երրորդ անգամ, որ եկար, ո՞ւր կ'ապէիր, հիմա ալ ո՞ւր կ'ապրիս: Ես ընդհանրապէս Էջմիածին ապրեցայ, եկայ Երեւան, տան վարձք վճարեցի, յետոյ ետ չկրցայ շարունակել, երբ, որ դադարեցուցին տան վարձքը, որովհետեւ Երեւան դժուար է գոյատեւել, ետ վերադարձայ Էջմիածին: Այդտեղ օգնեցին ինծի նորէն Առաքելութիւն Հայաստանը օգնեց, ՄԱԿ-ը տան վարձք վճառեց, յետոյ իմ կեանքի երազս էր Երեւան ապրիլ, Երեւան ալ աւելի առիթը կայ աշխատանք գտնելու, կրկին դիմեցի Առաքելութիւն Հայաստանին եւ ՄԱԿ-ին, ինծի սոցիալական տուն յատկացուցին, սենեակ մը, հիմա ներկայիս մէկուկէս տարի է այստեղ կ'ապրիմ: Եւ դուն ալ հոս կ'ապրիս եւ կ'աշխատիս Առաքելութեան հետ կամ... Ես հիմա պարապմունքներ ալ ունիմ, երեխեքի հետ կը պարապեմ: Ասի անգլերէն դաս տալով, երբեմն ալ հայերէն, որովհետեւ արեւմտահայերէնինը արեւելահայերէն շատ դիւրին է, շատ աւելի դիւրին է քերականութիւնը եւ այլն, ուղղագրութիւնը աւելի դիւրին է: Եւ այս նոր տունը Առաքելութեան... - Այո՛, սոցտունը: Ինչպէ՞ս է կեանքը այնտեղ: Սոցիալական տունը 5 դրացիներով կ'ապրինք, 5 հարեւան, 5 տուն է, միասին բոլորս մէկ տեղ կ'ապրինք, միակ բրոպլէմ ունինք` ձմեռուայ խնդիրը, տան ջերացումը անցեալ տարի անցեալ տարի մենք չ'ունեցանք բաղնիք լողանալու, ո՛չ ալ լուացք ընելու պայմաններ չունէինք, հազիւ կաթիլ մը ջուր կաթեր գետինը, արդէն վախնալիք էր, կը սահէին մէջը, մեծեր ալ կան, ուրեմն, այս սոցիալական տունը` շէնքը ՄԱԿ-ը յատկացուցեր է դրամ` նորոգութեան դրամը, նորոգութիւններ եղած են, բայց որ որոշ պատճառներով չէ շարունակուած, կ'երեւի ամէն ինչ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, ջեռուցման հարց շատ կարեւոր է ձմեռը, այդ մէկը մենք պէտքը ունինք, բայց ո՞վ, ինչպէ՞ս պիտ օգնէ մեզի, չեմ գիտեր: Ի՞նչ կը կարծէս պետութիւնը կամ կազմակերպութիւնները աւելի կրնան ընել, որ սուրիահայերուն օգնեն եւ աւելի հանգիստ կեանք ունին այստեղ: Պետութիւնը ինքը արդէն իր կարելիութիւնները կ'ընէ, բայց որ իր կարողութեան սահմաններուն, սահմաններէն ներս պիտի ըլլայ իր օգնութիւնը, բայց կազմակերպութիւնները, որ օտար երկիրներու հետ, բարերարներու հետ ինչ-որ կապեր ունին, կրնան աւելի մեզի օգտակար դառնալ, ալ ո՞ր մէկ կազմակերպութիւնը, ի՞նչ ձեւով, այդքանը իրենք գիտեն: Կազմակերպութիւնները, կը կարծեմ, աւելի մեզի կրնան օգնութեան ձեռք երկարել, եւ արդէն մէկ-մէկ ալ ըրած են, ինչ-որ ՄԱԿ-ը, Կարմիր խաչը, ըրած են` այդ մէկը; Եւ կը զգա՞յիր տեղացի Հայաստանցիներուն հետ, կը զգա՞յիր, որ welcomed (մերուած) կը զգայի՞ր կամ շատ մշակույթի... Հակառակը, ես աւելի արդէն հոգեկանով պատրաստուած եմ շատ շուտուանից, որ Հայաստան կ'ուզեմ ապրիլ, եւ արդէն Հայաստանի ժողովուրդը օտար չէ այդքան հալէպահայերուն համար, եկած են Հալէպ, տեսած ենք, ծանօթ ենք իրենց, եւ մենք օտար չենք, մեզի համար օտար չէ, աւելի ճիշդը մշակոյթը` հայկական մշակոյթը, պզտիկ տարբերութիւններ կրնան ըլլալ, որ սփիւռքի մշակոյթը քիչ մը կ'ազդուի իր ապրած երկիրէն, այստեղը զուտ հայկական մշակոյթ է, ամէն ինչ ալ շատ գեղեցիկ է, յաճելի է, շատ տարբերութիւն չկայ, շուտ ընտելացայ, շուտ ընդունեցի իրենց ամէն ձեւով, իրենց խոհանոցով, իրենց մտածելակերպով, այդքան ալ դժուար չէ: Այդ պզտիկ մշակոյթի կամ լեզուի տարբերութիւնները ինչպէ՞ս քու սուրիահայ մշակոյթը կը պահէ այստեղ: Սուրիական մշակոյթը, նախ` արեւմտահայերէնը, ես չեմ ուզեր արեւմտահայերէնը մոռնալ, կ'ուզէի արեւելահայերէն ալ լաւ հնչել, բայց չեմ կրնար, կրնամ խօսիլ, կարամ խօսել, բայց հնչելը դժուար է, մենք Մեստրոպեան հնչիւնները կորսնցուցած ենք, ափսոս, յետոյ որպէս սուրիական մշակոյթ` կրնանք գրեթէ նոյն հայկական` որպէս մշակոյթ, սուրիահայ որպէս` ես կրնամ ըսել` մեր մշակոյթը նոյն կը գոյատեւենք աստեղ, նոյն ձեւերով, նոյն սովորութիւններով կը տեւենք, կը շարունակենք: Ուրեմն, կը զգա՞ս, որ քու հայրենիքիդ մէջ կ'ապրիս, բայց ասի նոյն հայրենիք չէ՞ որ քու մեծ հայրիկներդ, մեծ մայրիկներդ փախած են, բայց դեռ կը զգա՞ս, որ այստեղ քու հայրենիքդ է: Անշուշտ է` նոյնը պիտի չ'ըլլայ, 100 տարի առաջ ուրիշ բան մըն էր, ինքը 100 տարի չէ, արդէն 5 տարի առաջ ուրիշ տեսակ էր Հայաստանը, հիմա աւելի դժուար է կեանքը, յետոյ երբ զբօսաշրջիկ` որպէս tourist ,զբօսաշրջիկ ես եկայ, ուրիշ տեսակ էր իմ դիտանկիւնս, հիմա, որ կ'ապրիմ, աւելի դժուար է, աւելի դժուարութիւնները տեսայ, բայց իմն է: Ես իրն եմ, պատկանելիութեան զգացումս շատ յաճելի է, արդէն պէտք է, որ ամէն հայ իր արմատները դնէ հայրենիքի մէջ, ամէն անձ պէտք է իր հայրենիքի մէջ իր արմատները դնէ, ուրիշին հողին վրայ, երբ ծառը կը տնկես, այդ ծառին շուքին տակ երբեմն չես հասցներ նստելու, պէտք է քու հողիդ վրայ այդ ծառը տնկես: Ուրեմն կ'ուզե՞ս այստեղ մնալ կամ ետ վերադառնալ Հալէպ կամ ուրիշ տեղ երթալ: Կ'ուզեմ վերադառնալ Հալէպ` որպէս կարօտ իմ ծննդավայրը, իմ միջավայրը, իմ թաղը եւ այլն, ես 46 տարի այդտեղ ապրեր եմ` նախքան այստեղը գալս, անշուշտ է յիշատակներս շատ են, կարօտն ալ բոլորին, ամէն ինչին, բայց արդէն կ'ուզեմ ապրիլ, շարունակել Հայաստան: Եւ ի՞նչ կը յուսաս գործիդ համար կամ անձնական: - Անձնակա՞ն: Եթէ լաւ աշխատանք չ'ըլլայ, ոչ մէկ յոյս չկայ: Աշխատանք պիտի ըլլայ, որպէսզի, յոյսդ պիտի չի կորսնցնես, արդէն կեանքի կառչելու համար պիտի ստեղծես դուն յոյսը, բայց առանց աշխատանքի ոչ մէկ բան չ'ըլլար: Ի՞նչ տեսակ աշխատանք կ'ուզես: - Ինչ, որ ըլլայ: Աա Հայաստանն է, ամէն ինչ պիտի աշխատիս, ինչ, որ ըլլայ պիտի աշխատիս: Ըսիր, որ ընտանիք չ'ունիս Հալէպ, բարեկամներ ունի՞ս այնտեղ: Չէ՛, ազգականներ չ'ունիմ ես, ընկերներ ունիմ, ընկերուհիներ ունիմ, հարեւաններ ունիմ: Դեռ հո՞ն են կա՞մ... - Ընդհանրապէս, ընդհանրապէս անցան Եվրոպա, մեկը չմնաց ընդհանրապէս: Տունդ դեռ հո՞ն է: - Դեռ կայ: Մէկը կը նայի՞, որ լաւ է: - Այո՛: Ի՞նչ կապ կը տեսնեք 1915-ի եւ այսօրուան դէպքերուն միջեւ: Հիմա մենք 1915 թուականին պարտաւորուեցանք, տեղահանուեցանք, մեր կամքով չ'ելանք, մեր ծնողները` նախահայրերը, աւելի ճիշդ, տեղահանուած ժողովուրդ էին 1915 թուականին, իրենք ջարդով, կոտորածով, մահով մի քանի հոգիներ հասան ընտանիքներէն սուրիական հողի վրայ, բայց հիմա շատ տարբեր է, մեզի ոչ մէկը չ'ըսաւ Սուրիայէն դուրս ելէք, երբէ՛ք, մենք ելանք դուրս, ելլողները, տակաւին շատ հայեր կան կ'ապրին Սուրիա, Հալէպ, մէնք դուրս ելանք մենք, որ կրնայինք ելլել, յարմարութիւններ ունէինք ելլելու, ուզեցինք ելլել, մեզմէ շատերը, որ եկած են Հայաստան, եկան Հայաստան ժամանակաւոր, կը խաղաղէր պատերազմը, ետ կը վերադառնանք, այդ նպատակով եկած են, բայց հիմա ես ուրիշներուն անունով չեմ ուզեր խօսիլ, բայց ընդհանրապէս անոնք, որոնք արդէն այստեղ աշխատանք ունին, չեն դառնար, եթէ սովորեր են այստեղի կեանքը, վարժուեցան այստեղի կեանքին, եւ եթէ աշխատանք ունին, չեմ կարծեր, որ վերադառնան, քիչ մը կասկածելի է, որ Հալէպը ըլլայ առաջուայ պէս, շատ ժամանակ կ'ուզէ առաջուայ պէս ըլլայ, երկար ժամանակի հարց է: Դուն անձնական ի՞նչն է, որ քեզի այստեղ կը կապէ: - Կը կապէ՞: Անձնական.... մանկութենէն Հայաստանի սէր կար մեր տան մէջ, դպրոցը, միութիւնները, այդտեղ հայապահպանման հարցը կայ, միութիւնները, դպրոցները, բոլոր այս հարցին շուրջ կ'աշխատին, ուրեմն, մեր տան մէջ ալ հայրենասիրութիւնը շեշտուած էր, միշտ «Հայաստան, Հայաստան» կը հոլովէր, յետոյ 2004-ին, որ եկայ արդէն Հայաստան` 1 ամիս, իմ հոգիս մնաց աjստեղ, կ'ուզէի գալ, ապրիլ, բայց չէինք համարձակիլ, աշխատանքի պատճառով համարձակութիւն չ'ունէինք այդտեղ ամէն ինչ քանդէինք, ետ գայինք այստեղէն սկսէինք, չէինք գիտեր` կը յաջողինք, չենք յաջողիր, արդէն ես կ'ուզէի ապրիլ Հայաստան, հիմա ալ եկեր եմ: Եթէ մարդը... ի՞նչ խորհուրդ կու տաս... - Որո՞ւ խորհուրդ տալ էր ատի, սիրիահայերու՞: Սուրիահայեր, որ նորից եկած են Հայաստան: Նախ` ես իրաւունք չեմ տար ես ինծի մէկու մը խորհուրդ տալ, որովհետև կեանքի ամէն մէկ դրուագը, ամէն մէկ ժամանակը քեզի բան մը կը սորվեցնէ, կը տեսնես, որ դուն դեռ շատ բան չես գիտեր, այնպէս, որ խորհուրդ տալ ինծի իրաւունք չ'ինար մէկու մը, ամէն մարդ պիտի գիտնայ իրեն ի՞նչ յարմար է, պիտի լաւ մտածէ, այդպէս քայլը առնէ, բայց քիչ առաջ, որ ըսի` միշտ ամէն մարդու հայրենիքը իր ապաստանը պետք է ըլլայ, իր վերջին կանգառը պետք է ըլլայ, իր փարոսը պէտք է ըլլայ, պէտք չէ ուրիշ օտարի ափերուն վրայ ապրիլ, միշտ քու հողիդ վրայ պիտ ապրիս եկող սերունդը քու հողիդ` անձնական, քու իսկական հայրենիքի հողիդ վրայ, դուն եկող սերունդը պիտի դաստիարակես, այդ ծառը, որ քիչ առաջ յիշեցի քու հայրենիքիդ հողի վրայ պիտի ցանես: Շատ գեղեցիկ խորհուրդ էր: Եթէ կրնաս քու մասին երկու բառով բացատրել... - Ի՞մ մասին: Ի՞նչ ես երկու բառով: Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ, թէկուզ դժուարութիւններու մէջ եմ եւ չեմ գիտեր գալիք օրերը ի՞նչ կ'ըլլայ, բայց ուրախ եմ, որ Հայաստան կ'ապրիմ եւ միշտ ալ այստեղ կ'ուզեմ ապրիլ: - Շատ լաւ: Եւ շնորհակալ եմ, նախ` շնորհակալ եմ Հայաստանի ժողովուրդին, որ միշտ ինծի մէջք կանգնեցան: Ինպէ՞ս սուրիահայերը կրնան դրական ազդեցութիւն ձգել Հայաստանի վրայ: Սիրիահայերը ի՞նչ օգուտ կրնան տալ Հայաստանի: Ամէն անձ, որ կրնայ իր ձեռքէն որոշ արհեստ մը կամ նորութիւն մը կրնայ ձեռք բերել կամ արհեստ ունի, եւ եթէ որ պայմաններ ստեղծուին այդ անձին, կրնայ օգուտ բերէ Հայաստանին, ինչո՞ւ չէ, բայց որ պայմանները պէտք է ստեղծուին, առիթը պիտի տրուի, նիւթական պայմաններ պիտի ըլլան առաջին հերթին, որպէսզի կարենաս դուն քու իմացածներդ, գիտցածներդ աշխատիս, ուրիշներուն ալ օգտակար դառնաս, օրինակ, եթէ մէկը անձնական աշխատանք մը ունենայ, օրինակ, խանութ մը ունենայ, ինքը մենակ պիտի չ'աշխատի, ուրիշ գործաւորներ ալ պիտի ունենայ, ուրիշ ընտանիքներ ալ այդ խանութէն պիտի օգտուին, ասի ամէնապզտիկ օգուտն է, դեռ կան, ուրիշ օգուտներ ալ կան, որ արհեստաւոր, արուեստագէտներ, օրինակ, կրնան ըլլալ, սիրիահայեր, որոշ անձնաւորութիւններ, որ զարգացած, առաջացած կրնան, եւ կան աշխատողներ հիմա, որ որոշ կեդրոններ կ'աշխատին Մատենադարանին մէջ կամ ուրիշ տեղեր: Չեմ ուզեր ուղղակի անուններ տալ, արդէն սիրիահայեր կան, որ կ'աշխատին Հայաստանի մէջ, օգուտ կու տան Հայաստանի: Եւ դուն ինչպէ՞ս նոր ընկերուհիներ, ընկերներ կամ յամայնք... - Հա՛, նոր ընկերային կեանք... - Եւ սուրիահայերո՞ւն հետ կամ հայաստանցիներո՞ւ հետ: Ընդհանրապէս հայաստանցիներ են միջավայրս, ես կը սիրեմ նորութիւն, յետոյ արդէն հոգեկանով պատրաստ էի ընդունիլ, ինչ, որ նորութիւն է իրենց հետաքրքրական է, իրենց կեանքը, նոր բան մը, եւ այդքան ալ դժուար չէր ընդունիլը, ինծի համար հաճելի էր, եւ արդէն ունիմ, հսկայ միջավայր ունիմ: Ըսիք, որ Հայաստանը գրկաբաց ընդունեց ձեզի, ի՞նչպիսի օրինակներ կրնաք տալ: Հայերը ինչպէ՞ս մեզի ընդունեցին այստեղ: - Օրինակ, օրինակներ ունի՞ս: Մեզի ինչպէ՞ս ընդունեցին: Հա՛, քիչ առաջ, որ ըսի ինչպէ՞ս ժողովուրդը, հա՛: Եթէ պատմութիւն կամ օրինակ ունիս: Օրինակ` պատահեր է, որ ես թրանսբորդի մէջ նստած եմ, տեղ մը պիտի երթամ, արդէն իմ խօսակցութիւնէս գիտցեր են արեւմտահայերէն է, օրինակ, իրենք վճառած են այդ 100 դրամը, իրենք ուզած են բան մը ընել, պատահեր է, որ, օրինակ, վարորդը չէ վերցուցած այդ 100 դրամը կամ նոյնիսկ թաքսիի վարորդը նորէն ինծի զեղջ երած էր իր բաժինը, որ կրնայ, սրանք լրիւ օտարներ են, իսկ դրացիներու պարագային` հարեւաններու պարագային, քիչ առաջ, որ ըսի հազիւ տուն մը փոխադրուէի, կու գային «Ինչի՞ պէտք ունիս», արդէն այդ հարցումը կը զգաս, որ դուն մենակ չես: Միշտ օգնողներ եղեր են մեզի, միայն ինծի չէ, բայց միշտ օգնողներ եղած է, այնյիքն` չի նայած հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, ինչ-որ Կարմիր խաչը, ՄԱԿ-ը, Առաքելութիւն Հայաստանը, սրանք, որ ոչ սուրիական կազմակերպութիւններ են արդէն մեզի կ'օգնեն, առաւել եւս ժողովուրդը ինքը արդէն մեզի օգնող շատ է: Բան մը կա՞յ, որ կ'ուզես աւելցնել, որ չ'ըսիր: Շատ բաներ կան, ինչպիսի՞ բան, թո՛ղ բոլոր հայերը դառնան Հայաստան, մենք, տեսէ՛ք, օրինակ, իմ ընտանիքը, մենք միշտ սիրած ենք Հայաստանը, չտեսած արդէն Հայաստան մենք կը սիրէինք, Հայաստանը, որ տեսանք արդէն մենք սիրահարուեցանք Հայաստանին, որովհետեւ կը զգաս, որ դուն իրն ես, ինք քոնն է, քո մայրն է, իր ամէն դերութիւններով, իր ամէն ինչով արդէն քոնն է, դուն իրն ես, շատ ուզեցինք գալ, այստեղ հաստատուիլ միշտ աշխատանքի հարցը դնելով` մենք քայլ չ'առինք, ահա, տեսէ՛ք, եկաւ օրը, որ արդէն մենք եկանք, եւ այս ձեւով պետք չէ գայինք, պէտք է մէնք աւելի կազմակերպուած գայինք, ուրեմն, վերջաւորութեան իմացանք, որ մեր տեղը մեր մօր գիրկն է, ոչ թէ օտար ափերը, թէկուզ լաւն է Սիրիան` ծննդավայրը մեր, շատ լաւն է, Սիրիայի ժողովուրդը, պետութիւնը հարազատ են մեզի համար, բայց կը մնայ քո մայր... մայրը, քո երկիրը, ուրեմն, բոլոր հայերը, որ մանաւանդ անոնք, որոնք յարմարութիւններ ունին այստեղ աշխատանքի, աշխատանք ստեղծել, պէտք չէ մտածեն, շատ մտածելու բան չկայ, արդէն պէտք է գան այստեղէն սկսին, որպէսզի իրենցմէ վերջ յաջորդ սերունդը շարունակէ, եւ մենք, որ գանք, սփիւռքահայերը արդէն սկսինք, մանաւանդ երիտասարդ ուժերը, եթէ սկսին գալ Հայաստան առանց յուսահատելու, եւ շատ մե՛ծ յոյսեր դնելու պէտքը չկայ, այդ յոյսը դուն պիտի ստեղծես, արդէն սերունդէ սերունդ մենք կը լաւանանք, բայց որ հեռուէն կը նստինք, կը դիտէինք, մենք սփիւռքահայերը «Հայաստա՜ն», Հայաստանի սէր չի՛ բաւեր, բան մը ընել պէտք է, ամէն մարդ ինչ, որ կրնայ ընել, պէտք է ընէ, պզտիկ պատմութիւն մը կայ, ուրեմն, անտառին մէջ հրդեհ կը պատահի, բոլոր կենդանիները... - Հրդեհ ի՞նչ է: Fire. - Օ՜հ՛: Ուրեմն, բոլոր կենդանիները իրենց հոգին ազատելու մասին կը խորհին եւ կը փախչին, կ'ըսէ, որ յանկարծ կը տեսնեն ծիտիկը - bird կռնակին վրայ դարձած, շուռ եկած, տոտիկները վեր, իրեն կ'ըսեն «Ի՞նչ կ'ընես, փախի՛ր, հոգիդ ազատէ, հիմա կը վառիս, կը մեռնիս», կ'ըսէ «Չէ՛, ես երկինքը կը բռնեմ», ուրեմն, այդ ծտիկը` իր պզտիկ, տկար տոտիկներով, իրեն ինկած բաժինը կ'ընէ` երկինքը կը բռնէ, որ ազատէ, անտառը ազատէ, ներողութիւն, հրդեհ չէր, երկինքը փուլ կու գար, հա, ուրեմն, մենք ալ բոլորս, եթէ որ ամէն մարդ իրեն ինկած բաժինը ընէ, այդ ծտիկին նման չի յուսահատի, արդէն բան մը կ'ըլլայ, արդէն բան մը կրնանք ընել այստեղի համար: Ուրի՞շ, ուրիշ բա՞ն: - Այսքան: Ես դասատու եմ, կրնամ մինչեւ առաւօտ խօսիլ: Շատ կը սորվինք ձեզմէ: