0:00:03.996,0:00:09.133 Ուրեմն, հիմա կը սկսինք, եթէ ջարդ, քու ընտանիքիդ 0:00:09.133,0:00:13.003 պատմութիւնը արդէն մինչեւ... 0:00:13.003,0:00:16.903 - Օքէյ, նախահայրերս, պապիկն ու տատիկը, ուրեմն, 1915 թուականին 0:00:16.903,0:00:22.253 իմ նախահայրերս, մօրս կողմէն եկած եմ Մարաշէն 0:00:22.261,0:00:27.515 հօրս կողմէն եկած եմ Պուրսայէն, բայց հայրս, մայրս 0:00:27.515,0:00:32.705 ծնած են, ապրած են Հալէպում, ես ալ նոյնպէս 0:00:32.705,0:00:38.530 Հալէպ քաղաքին մէջ ծնած եմ, այդտեղ դպրոց գացեր եմ 0:00:38.530,0:00:42.680 մանկութիւնս բոլոր Հալէպի մէջ անցուցեր եմ, 0:00:42.680,0:00:46.831 դպրոց գացեր եմ Հալէպ, ունեցեր եմ միջավայր 0:00:46.831,0:00:51.195 եղեր եմ հայերէն լէզուի ուսուցչուհի: 0:00:51.195,0:00:54.705 Ուրեմն, ընկերներս բոլորը թողեր եմ իմ միջավայրը 0:00:54.705,0:00:56.985 ու եկեր եմ Երեւան: 0:00:56.985,0:00:59.955 Պատմութիւններ գիտես` ինչպէ՞ս քու մեծ հայրիկները, 0:00:59.955,0:01:03.715 մեծ մայրիկները ինչպէ՞ս Թուրքիա, Սուրիա եկած են: 0:01:03.715,0:01:07.715 Ինչպէ՞ս, շատ յստակ չէ, Մարաշէն եկողները 0:01:07.715,0:01:11.449 1915 թուականին գաղթականներու խումբին հետ 0:01:11.449,0:01:15.189 միացեր են, եկեր են, հասեր են Հալէպի որբանոցը: 0:01:15.189,0:01:20.439 Հալէպի որբանոցին մէջ, ուրեմն, իմ մեծ մօրս հետ 0:01:20.439,0:01:25.159 ծանօթացուցեր են, մեծ հօրս հետ ծանօթացուցեր են 0:01:25.159,0:01:29.819 եւ ամուսնացեր են իրենք, հօրս կողմէ նորէն այդպէս 0:01:29.819,0:01:34.770 որբանոցի երեխաներ, զաւակներ եղեր են, նորէն 0:01:34.770,0:01:38.609 որբանոցի կողմէն ծանօթացուցեր են իրենց զոյգերուն 0:01:38.609,0:01:41.699 եւ ամուսնացեր են այդ պայմաններով: 0:01:41.699,0:01:48.254 Գիտես ի՞նչ կ'աշխատէին, իր գործերը: 0:01:48.254,0:01:52.425 Ես չեմ գիտեր շատ, աւելի նախնիները չեմ իմանում 0:01:52.425,0:01:57.784 ի՞նչ կ'աշխատէին, բայց ընդհանրապէս հօրս կողմէ 0:01:57.784,0:02:00.284 հողեր ունեցեր են, կալուածներ ունեցեր են 0:02:00.284,0:02:04.394 հողագործութեամբ զբաղուեր են, մօրս կողմէն ինծի համար 0:02:04.394,0:02:07.703 մութ է, շատ հին սերունդ եղեր են, հեռու եղած են 0:02:07.703,0:02:10.853 ինծի համար մութ է, որ ի՞նչ աշխատեր են, 0:02:10.853,0:02:18.423 մեծ հայրս նորէն արհեստաւոր եղած է` մէքանիք 0:02:18.423,0:02:22.423 Ուրիշ ի՞նչ ասեմ: 0:02:22.423,0:02:28.040 Եւ գիտես` ինչպէ՞ս էր, որ նոր կեանք պետք է սկսին 0:02:28.040,0:02:33.160 Հալէպի մէջ, Ցեղասպանութիւնին վերջ գիտես ի՞նչ դժուարութիւններ...[br]- Այո, անշուշտ է 0:02:33.160,0:02:36.366 ցեղասպանութենէն վերջ ունեցեր են իրենց 0:02:36.366,0:02:40.605 դժուարութիւնները, նախ, ապրեր են թիթեղեայ տուներու մէջ 0:02:40.605,0:02:44.845 եւ կոչուեր է թիթեղեայ տուներ հայերու, թիթեղեայ 0:02:44.845,0:02:50.507 տուներ կոչուեր է` արաբերենով ըսեմ «պարրաքադ ըլ արման»: 0:02:50.507,0:02:54.458 Յետոյ հայերը իրենք կառուցեր են, իրենց տուները ունեցեր են, 0:02:54.458,0:02:58.134 արդէն իրենց կեանքը դէպի առաջ յառաջացուցեր են, բայց արդէն 0:02:58.134,0:03:02.414 հազիւ մենք եկեր ենք Հալէպ կամ ըսեմ` Սիրիա ընդհանուր, 0:03:02.414,0:03:06.498 ըսեմ, ունեցեր ենք մեր եկեղեցիները, եկեղեցիներուն 0:03:06.498,0:03:09.228 կողքին անպայման ունեցեր ենք դպրոցներ, 0:03:09.228,0:03:11.928 թեկուզ տարրական դպրոցներ սկիզբը ունեցեր ենք: 0:03:11.928,0:03:16.378 Ժողովուրդը բոլոր թրքախօս եղած են, 500 տարի խօսեր են պարտադիր 0:03:16.378,0:03:22.365 թրքերէն, բայց որ, երբ Հալէպ եկած են դպրոցներու, 0:03:22.365,0:03:26.882 դպրոցներու միջոցով կրկին նոր սերունդը հայացուցին, 0:03:26.882,0:03:29.222 հայերէն սորվեցուցին սերունդէ սերունդ, մենք ալ 0:03:29.222,0:03:32.192 հայացանք, արդէն հայերէն կը խօսինք, հայկական 0:03:32.192,0:03:40.453 դպրոցներ ունինք, մինչեւ երկրորդական դպրոց ունինք հայերէնով: 0:03:40.453,0:03:48.283 Եւ Հալէպի մէջ ինչպէ՞ս Ցեղասպանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը կը յիշէք: 0:03:48.283,0:03:53.816 Ուրեմն, ապրիլ 24-ին առաւոտը կ'երթանք գերեզմանները, 0:03:53.816,0:03:57.526 այդտեղ մատուռի շուրջ կը հաւաքուէինք աղօթքով, 0:03:57.526,0:04:04.327 յետոյ մոմավառութեամբ, այդ շրջանին մի քանի օր ակումբներէն 0:04:04.327,0:04:07.829 ներս, հայկական ակումբներուն ներս դասախօսութիւններ 0:04:07.829,0:04:13.825 տեղի կ'ունենան, որպէսզի սերունդէ սերունդ շարունակենք 0:04:13.825,0:04:18.355 յիշենք, չմոռնանք, որովհետեւ հայապահպանման հարց ունինք մենք, 0:04:18.355,0:04:22.105 միայն ապրիլ 24-ի, արցունքի հարց չէ, 0:04:22.105,0:04:26.185 մենք կը նեղուինք, կը յուզուինք, ճիշդ է մեր, մեզի 0:04:26.185,0:04:31.585 պատահածներով, բայց որ վերածնուած ազգ ենք, 0:04:31.585,0:04:34.775 մենք տակաւին կ'ապրինք, մենք տակաւին կանք: 0:04:34.775,0:04:39.765 Ինչ, որ ըսուած է, որ պիտի սպանեն մինչեւ վերջին հայը 0:04:39.765,0:04:44.666 եւ պիտի մնայ 1 հայ, այդ ալ պիտի դնեն թանգարան, 0:04:44.666,0:04:47.286 այդ մէկը չյաջողեցան իրենք, որովհետեւ իրենք չի 0:04:47.286,0:04:51.137 յաջողեցան այդ մէկը ընելու, ուրեմն մեզի համար 0:04:51.137,0:04:56.337 ապրիլ 24-ը, ճի՛շտ է` սուգ է, բայց միեւնոյն ատեն 0:04:56.337,0:05:00.887 գոյատեւման յաղթանակը ունինք, որ մենք դեռ ներկայ ենք, 0:05:00.887,0:05:05.055 դեռ կանք, դեռ պահանջք ունինք, յատուցում կ'ուզենք, 0:05:05.055,0:05:08.715 այսինքն` չենք քնած, արթուն ենք սերունդէ սերունդ, 0:05:08.715,0:05:13.515 կը պատրաստենք մեր միութիւններու միջոցով, հայ ոգիով 0:05:13.515,0:05:20.510 մեծցող, հայ հոգիով մեծցող սերունդ կը պատրաստենք: 0:05:21.143,0:05:25.983 Իսկ հիմա քու մանկութիւնդ քիչ մը...[br]- Իմ մանկութիւնս շա՛տ ուրախ... 0:05:25.983,0:05:29.163 Ո՞ր շրջանին մէջ:[br]- Հալէպ, Հալէպ, Հալէպ: 0:05:29.163,0:05:30.473 Հալէպ ծնած եմ: 0:05:30.473,0:05:33.633 Ո՞ր թաղամասը:[br]- Սուլէյմանիէ թաղամասը: 0:05:33.633,0:05:38.643 Հալէպ ծներ, մեծցէր եմ, նոյն իմ տանս մէջ, տունս տակաւին կայ, 0:05:38.643,0:05:43.643 բարեբախտաբար, ուրախ մանկութիւն ունեցեր եմ, 0:05:43.643,0:05:49.183 շատ ուրախ, միշտ լաւ կեանք ունեցեր եմ, միշտ: 0:05:49.610,0:05:51.800 Եւ ո՞ր դպրոց գացեր եք: 0:05:51.800,0:05:56.040 Լազար Նաճարեան դպրոց գացեր եմ, այդտեղ յաճախեր եմ, 0:05:56.829,0:06:00.829 1984-ի շրջանաւարտ եմ, 0:06:02.979,0:06:09.129 միութիւնները, որպէս ակումբ, միութիւն` ես չեմ ուզեր զատողութիւն դնել, 0:06:09.129,0:06:13.269 տարբերութիւն դնել, բոլոր միութիւններն ալ իրենց 0:06:13.269,0:06:17.740 գործերը կը կատարեն, ամէն մէկը իր ձեւով, իր սկզբունքներով, 0:06:17.740,0:06:21.538 բայց բոլորին նպատակը հայապահպանման հարցն է 0:06:21.538,0:06:26.078 սփիւռքի մէջ, թատրոններու կ'երթայինք մենք ընտանիքով 0:06:26.078,0:06:31.605 չ'ունինք այդ բարդոյթը, որ նախընտրենք որոշ ուղղութիւն մը, միւսը 0:06:31.605,0:06:36.695 արհամարհենք ու չ'երթանք, չէ՛, բոլորն ալ թատրոններու 0:06:36.695,0:06:39.705 կամ գրական երեկոներ, որ ինչ, որ կը պատրաստուէինք, 0:06:39.705,0:06:43.225 բոլորին ալ ընդհանրապէս ներկայ գտնուեր ենք: 0:06:43.225,0:06:46.945 Ես սկաուտական շարքերուն մէջ ծառայեր եմ, մի քանի 0:06:46.945,0:06:52.565 տարի կարճ ժամանակով, կեանքիս գեղեցիկ տարիներէն մէկն էր: 0:06:57.979,0:07:00.759 Եւ մինչեւ ե՞րբ դպրոց գացիր: 0:07:00.759,0:07:04.759 '84 թուականին շրջանաւարտ էի high school (աւագ դպրոց) 0:07:04.759,0:07:08.569 Եւ վերջը ըսիր... [br]- Յետոյ հայագիտական ըրած եմ: 0:07:08.569,0:07:11.209 Համալսարա՞ն:[br]- Հայագիտական այդտեղ, 0:07:11.209,0:07:16.660 համազգայինը հայագիտականի մասնաճիւղ բացած էր, 0:07:16.660,0:07:21.759 եւ աւելի առաջ, շատ-շատ առաջ British Council գացեր եմ: 0:07:26.059,0:07:30.369 Եւ վերջը ի՞նչ գործ կ'ընէիր:[br]- Հայերէն լէզուի ուսուցչուհի եղեր եմ: 0:07:31.167,0:07:36.957 Եւ երբ, որ հայերէնի ուսուցչուհի էիր, կը զգայի՞ր, որ 0:07:36.957,0:07:40.957 քու պարտականութիւնդ...[br]- Պատասխանատուութիւնս, այո, 0:07:40.957,0:07:44.707 Որ պզտիկներու հայ լեզու եւ հայ մշակույթը սորվեցնել:[br]- Այո՛, ճիշդ ատ է, 0:07:44.707,0:07:47.907 մշակույթը կարեւոր է, ոչ թէ միայն հայերէն, 0:07:47.907,0:07:50.797 հայերէն դասաւանդելը սփիւռքի մէջ, մեծ-մեծ 0:07:50.797,0:07:56.177 պատասխանատուութիւն է, միայն հայերէն գրել կարդալը չէ՛, 0:07:56.177,0:07:58.673 որ պիտի սորվեցնես, կամ քերականութիւնը 0:07:58.673,0:08:04.590 կամ գրականութիւնը, պիտի ծանօթացնես ազգին արժէքները: 0:08:04.590,0:08:08.620 Ազգին արժէքաւոր եզակի անձերուն, որպէսզի ինքը 0:08:08.620,0:08:13.020 հպարտանայ, զգայ պատկանելիութիւնը, ճանչնայ 0:08:13.695,0:08:17.695 մէկը, որ իրեն հարցնէ «Դուն ո՞վ ես», ըսէ «Ես հայ եմ»: 0:08:18.141,0:08:22.781 լաւ, հայը ո՞վ է, ինչպէս կը կարենայ ըսել, որ 0:08:22.781,0:08:26.501 հայը այն ազգն է, որ ապրած է Տիգրան Մեծի օրով, 0:08:26.501,0:08:31.759 շատ աւելի առաջ հզօր պետութիւն եղեր ենք, որ Ծովից Ծովով 0:08:31.809,0:08:35.109 ունեցեր ենք Վիկտոր Համբարձումեանի պէս եզակի 0:08:35.109,0:08:38.449 անձնաւորութիւններ, Արամ Խաչատուրեանի պէս 0:08:38.449,0:08:41.609 ուրիշ շատ անձնաւորութիւն, որ մէկ-մէկ հաշուելու 0:08:41.609,0:08:45.769 համրելու ըլլանք, մեր ֆետայիներու կեանքով, կենսագրութիւնով 0:08:45.769,0:08:49.769 պէտք է մենք հպարտանանք, սրանք բոլորը պէտք է 0:08:49.769,0:08:56.029 ծանօթացնենք նոր սերունդին, որ ինքը իմանայ որ հայը ո՞վ է 0:08:56.029,0:08:59.699 ճանչնայ հայը ո՞վ է, եւ ինք այդ պատկանելիութեան 0:08:59.699,0:09:05.779 զգացումը ունենայ, միայն հայերէնը խօսելով չի՛ բաւեր: 0:09:06.461,0:09:10.941 Եւ դուն ուսուցչիչ ո՞ր դպրոցի մէջ...[br]- Զուարդնոց վարժարան: 0:09:10.941,0:09:19.027 Եւ կը զգայի՞ր, որ աշակերտները հետագրգրուած են: 0:09:19.027,0:09:22.507 Ուսուցչուհին ինքը հետաքրքրութիւնը ստեղծէ, 0:09:22.507,0:09:25.977 գրական նիւթերը ընդհանրապէս չոր նիւթեր են 0:09:25.977,0:09:29.157 այդպէս կ'ըսեն, բայց այդպէս չէ՛, եթէ ուսուցչուհին 0:09:29.157,0:09:34.227 կարենայ ինչ-որ մշակութային երանգներ մտցնէ, 0:09:34.227,0:09:39.210 մանաւանդ մեր մշակույթը շատ գեղեցիկ է կրնաս աւելի 0:09:39.210,0:09:43.390 հետաքրքիր դարձնել, աւելի աշակերտները առարկային 0:09:43.390,0:09:48.763 կապել, այդ բոլոր աշխանաքը ըրի, չեմ գիտեր ո՞րքան կրցայ յաջողիլ, 0:09:48.763,0:09:52.911 ափսոս, որ երկար չեմ աշխատած, միայն 10 տարի: 0:09:52.911,0:09:59.091 Աւելի առաջ անգլերէնի ասպարէզով աշխատեր եմ ոչ-հայերու հետ 0:09:59.764,0:10:05.091 Եւ երբ, որ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի էիր, կը զգայի՞ր, որ 0:10:05.091,0:10:10.147 Սուրիայի մէջ ազատ էիր, որ որեւէ մէկ բանի ըսել...[br]- Այո՛: 0:10:10.147,0:10:13.647 դպրոցի մէջ, կամ պետութիւնը ըսաւ «Ասի չես կրնար» 0:10:13.647,0:10:16.197 «Ասի կրնաս», ինչպէ՞ս էր: 0:10:16.197,0:10:24.717 Մեզի արտօնութիւն տրուած է շաբաթը 4 ժամ հայերէն լեզուն դասաւանդել 0:10:24.717,0:10:30.117 հայկական դպրոցներէն ներս եւ 2 ժամ ալ կրօնի դաս 0:10:30.117,0:10:34.237 եւ մենք ազատ էինք, մեր դասագիրքերը ունէինք հայերէնով, 0:10:34.237,0:10:39.157 կրօնի դասագիրքեր ունէինք հայերէնով նորէն, ոչ մէկ 0:10:39.157,0:10:41.937 կաշկանդում չկայ, մենք շատ ազատ եղեր ենք, նոյնիսկ 0:10:41.937,0:10:45.937 ունեցեր ենք մեր մամուլը, մեր թերթը մեր, մենք հայերէնով 0:10:45.937,0:10:49.437 գիրքեր կը տպէինք, տպելու արտօնութիւն կը ստանայինք 0:10:49.437,0:10:52.807 սուրիական կառավարութենէն եւ շատ հեշտութեամբ: 0:10:52.807,0:10:55.837 Մինչեւ այն ատեն, որ չես սխալվիր, պետութեան դէմ 0:10:55.837,0:11:04.013 բան մը չես ուղղեր կամ կրօնքի դէմ, արդէն ինքնոյն հայ ըլլալդ 0:11:04.013,0:11:07.253 մեծ յատկութիւն էր Սիրիայի մէջ, փոքրամասնութեան մէջը 0:11:07.253,0:11:10.253 մենք ամէնաշատ իրաւունքներ ստացեր էինք, բոլորը 0:11:10.253,0:11:15.481 հաւասար էին, մինչ այդ, բոլորը հաւասար էին, արաբը, հայը 0:11:15.481,0:11:19.591 ասորին, քիւրտը, բոլորը հաւասար իրաւունքներ ունէին, 0:11:19.591,0:11:23.381 բայց մենք, ուրիշ փոքրամասնութիւններուն նայելով` 0:11:23.381,0:11:26.411 մենք դպրոցներ ունէինք, մամուլ ունէինք, թատերական 0:11:26.411,0:11:30.211 սրահներ ունէինք, սկաուտական շարքեր ունէինք, 0:11:30.211,0:11:33.087 բոլոր իրաւունքները ստացած էինք, ոչ մէկ ատեն 0:11:33.087,0:11:35.837 տարբերութիւն, զատողութիւն կամ դժուարութիւն 0:11:35.837,0:11:38.967 չզգացինք պետութեան կողմէն, ոչ առաջուայ 0:11:38.967,0:11:42.327 նախագահին օրով, ոչ ալ ներկայի: 0:11:42.327,0:11:48.027 Կը զգա՞յիր դժուարութիւններ, ըսիր, որ դժուարութիւն 0:11:48.027,0:11:52.157 չի կար պետութիւնէն, բայց մարդերէ՞ն: 0:11:52.167,0:11:53.327 Ժողովու՞րդը:[br]- Հա՛: 0:11:53.327,0:11:56.977 Չէ՛, շատ յարգանքով էին մեզի նկատմամբ, արաբ 0:11:56.977,0:11:59.317 ժողովուրդը մեզ նկատմամբ շատ յարգանքով 0:11:59.317,0:12:02.527 եղած են, մենք ունեցեր ենք, բոլորս ալ ընկերութիւններ 0:12:02.527,0:12:05.417 ունեցեր ենք, լաւ ընկերներ, անկեղծ ընկերներ 0:12:05.417,0:12:09.417 ունեցեր ենք, ո՛չ մէկ ատեն մեզի չեն ըսած «Դուք հայ եք» 0:12:09.417,0:12:12.797 «Ի՞նչու այստեղ կ'ապրիք, գացէ՛ք Հայաստան»: 0:12:12.797,0:12:16.077 Ոչ մէկ ատեն չեն ըսած, ընդհակառակը, իրենք մեզմով 0:12:16.077,0:12:22.674 ուրախ էին, մեր արաբական այդ միջավայրը միշտ յարգանք 0:12:22.674,0:12:25.564 ցոյց տուած է հայերու նկատմամբ: 0:12:25.564,0:12:30.703 Բայց դեռ տարբերութիւններ կան քու շփումները 0:12:30.703,0:12:33.543 հայերուն հետ եւ ոչ-հայերուն հետ, տարբե՞ր էր: 0:12:33.543,0:12:37.543 Տարբերութիւն, որպէս սուրիացի` բոլորը մէկ են, 0:12:37.543,0:12:40.683 տարբերութիւն չի կրնար ըլլալ, որպէս սուրիական 0:12:40.683,0:12:44.683 մշակոյթ` բոլորս հաւասար, բոլորս նոյնիսկ չէինք նկատած, որ 0:12:44.683,0:12:49.153 ո՞վ, ի՞նչ է, բայց որ կրօնական առիթները, որ կ'ըլլան, անշուշտ է 0:12:49.153,0:12:54.650 մեր կրօնական այդ առիթները, որ Զատիկն է, այդ տօնական 0:12:54.650,0:12:57.770 օրերը մենք կը զգանք, որ մենք անշուշտ քրիստոնեայ ենք, 0:12:57.770,0:13:03.232 տարբեր կը նշենք, բայց ընդհանուր, ընդհանուր 0:13:03.232,0:13:07.232 ձեւով մենք մէկ էինք, տարբերութիւն չի կար մեր մէջ, 0:13:07.232,0:13:10.172 հակառակը, կ'երթայինք, կու գայինք, կ'այցելէինք իրարու, 0:13:10.172,0:13:13.172 իրենք կ'այցելէին մեր տօնական օրերուն, մենք իրենց կ'այցելէինք, 0:13:13.172,0:13:19.072 կը շնորհաւորէինք, չենք զգացած տարբերութիւնը 0:13:19.225,0:13:24.507 Եւ երբ, որ մեծցար, գործէն զատ ի՞նչ կ'ընէիր կեանքիդ մէջ: 0:13:24.507,0:13:31.747 Ուժեղ ընկերային կեանք ունէի, ուժեղ ընկերային կեանք: 0:13:31.747,0:13:36.867 Ես կը սիրեմ ընկերներ, ընկերուհիներ, եղբօրս հետ շատ 0:13:36.867,0:13:40.972 մը տեղեր գացեր, պտտեր ենք հնութեան տեղեր, ամրոցներ կամ, 0:13:40.972,0:13:45.881 Սիրիա հարուստ երկիր է իր հնութեամբ, եթէ լսած եք 0:13:45.881,0:13:51.033 Բալմէրա քաղաքը, արդէն Բալմէրան շատ նշանաւոր է, 0:13:51.033,0:13:54.423 հնութեան տեղերը շատ պտտած ենք եղբօրս հետ: 0:13:54.423,0:13:59.249 Ուրիշ բան մը կ'ուզէ՞ս բացատրել քու կեանքիդ պատերազմէն առաջ: 0:13:59.249,0:14:02.449 Սիրիա, պատերազմէն առաջ ես մասնաւոր բան մը չունիմ ըսելու, 0:14:02.449,0:14:05.529 արդէն ըսի ամէն ինչ, որ ինչպիսի կեանք ապրեր ենք, 0:14:05.529,0:14:08.529 շատ լաւ ապրեր ենք, ուրախ անցուցեր ենք 0:14:08.529,0:14:12.009 դժուարութիւններ, ընդհանրապէս, դժուարութիւն ըսելով 0:14:12.009,0:14:15.749 չենք կրնար ըսել, կեանքի նորմալ դժուարութիւններն էին, 0:14:15.749,0:14:21.259 յաղթահարեր ենք, մինչեւ պատերազմը շատ լաւ էր: 0:14:21.259,0:14:25.588 Պատերազմէն վերջ ամէն ինչ փոխուեցաւ: 0:14:25.771,0:14:34.886 2011ի առաջ նշաններ կա՞ն, որ պատերազմ պիտի ըլլայ: 0:14:34.886,0:14:41.796 Ընդհանրապէս կ'ըլլան նշաններ, դէպքեր կամ որոշ 0:14:41.796,0:14:44.606 պետութիւններ, օրինակ, կը սպառնան: 0:14:44.606,0:14:47.626 Մենք միշտ արեւելեան երկիրները եղած են 0:14:47.626,0:14:51.416 այդ վտանգի տակ, որ միշտ պատերազմի վախը եղած է, 0:14:51.416,0:14:54.746 բայց յստակօրէն մինչեւ վերջին վայրկեան չես կրնար 0:14:54.746,0:14:58.746 գիտնալ, որ անպայման պիտի պատերազմ ըլլայ, դեռեւս 0:14:58.746,0:15:02.746 ձեւով մը կը համաձայնին, այդ ձեւով կը համոզուիս 0:15:02.968,0:15:06.968 միշտ յոյս ունիս, որ չ'ըլլար պատերազմը: 0:15:07.827,0:15:13.027 Եւ ե՞րբ տեսար, ե՞րբ կը զգայիր պատերազմը սկսաւ 0:15:13.027,0:15:16.027 Հալէպի մէջ, առաջին բաները ի՞նչ էին: 0:15:16.027,0:15:20.027 Նախ ծայրամասերն էին, ձայները կը լսէինք, 0:15:20.862,0:15:24.862 արդէն ես եկայ Հայաստան, եկայ պտտելու 2 ամիս, 0:15:25.675,0:15:29.675 պիտի վերադառնայի Հալէպ, իրենք եկան Հալէպը գրաւեցին, 0:15:29.984,0:15:33.984 մնացի շրջան մը, Հալէպէն շատերը եկան 0:15:35.609,0:15:40.729 2012 թուականին էր եկան սեպտեմբերին, օգոստոսին: 0:15:40.729,0:15:46.519 Այս շրջաններն էին արդէն, ես ալ մնացի, յետոյ կրկին 0:15:46.519,0:15:50.069 վերադարձողներ եղան, Նոր տարիին ես ալ վերադարձայ, 0:15:50.069,0:15:57.079 6 ամիսով մնացի, յետոյ ետ դարձայ, 2013 թուականին 0:15:57.079,0:16:01.469 յունիսին ետ վերադարձայ Հայաստան, արդէն եկայ այստեղ: 0:16:02.146,0:16:07.626 Եւ երբ, որ կը ճամբորդէիր Սուրիա դէպի Հայաստան...[br]- Հա՛: 0:16:07.626,0:16:08.836 Ինչպէ՞ս էր ճամբան: 0:16:08.836,0:16:12.746 Առաջին անգամ ինքնաթիռով եկայ, ինքնաթիռով ալ 0:16:12.746,0:16:18.096 վերադարձայ, բայց 2-րդ գալս անձնական ինքնաշարժով 0:16:18.096,0:16:21.776 եկանք, անձնական միջոցներով թրքական սահմանէն 0:16:21.776,0:16:24.926 անցանք Վրաստան, յետոյ Հայաստան: 0:16:24.926,0:16:28.926 Դժու՞ար էր:[br]- Դժուարութիւն անշուշտ պիտ ըլլար, 0:16:29.622,0:16:32.332 պիտ ըլլար դժուարութիւն, յայտնի էր, անօրէն ձեւով 0:16:32.332,0:16:36.572 ելած ենք, դժուարութիւն պիտ ըլլար: 0:16:36.572,0:16:41.462 Եւ այդ 6 ամիսները, որ ետ գնացիր[br]- Այո: 0:16:41.462,0:16:44.872 Հալէպ, վիճակը ինչպէ՞ս էր:[br]- Շատ վատ էր: 0:16:44.872,0:16:48.542 Շատ վատ էր, հոսանք չկար, ջուր չկար, 0:16:48.542,0:16:53.500 չէ՛, ջուր կար, ներողութիւն, սկիզբը, յետոյ միշտ 0:16:54.900,0:16:59.260 մահուան վախը կար, մահուան վախը, չէ՛, աւելի 0:16:59.993,0:17:05.013 մեռնելու ձեւը, որ այդքան վայրենի, այդքան Youtube-ի մէջ 0:17:05.013,0:17:10.673 ինչեր նկարահաներ, դրեր էին, մահէն աւելի մեռնելու ձեւը 0:17:10.673,0:17:14.133 կը վախնայիր, անընդհատ իրենց ձայները կը լսէիր 0:17:14.133,0:17:18.263 ռմբակոծումը, գիշերով աւելի կ'ուժեղանար, ցերեկը 0:17:18.263,0:17:21.263 մի քիչ աւելի թեթեւ: 0:17:21.263,0:17:27.583 Եւ ի՞նչու համար ետ...[br]- Կեանքի ապահովութեան համար դարձանք: 0:17:27.583,0:17:30.013 կեանքի ապահովութեան համար դարձայ Հայաստան: 0:17:30.013,0:17:34.463 Ի՞նչու համար Հայաստանէն ետ գացիր Սուրիա: 0:17:35.160,0:17:40.610 Գացի Սուրիա, որովհետեւ եղբայրս այն ատեն Սուրիա էր, 0:17:40.610,0:17:47.420 եւ Նոր տարի պիտի անցնէր, է՛ մէկը չ'ունինք մենք, 0:17:47.420,0:17:51.170 չեմ ուզեր, չ'ուզեցի եղբայրս մնայ մինակ, ես այստեղէն 0:17:51.170,0:17:56.380 գայ այդ տեղ, ռիսք ըրի, չ'ուզեցի, աշխարհի վրայ միայն ես 0:17:56.380,0:18:00.850 կամ իրեն համար, ինքն ալ ինծի համար, այդպէս գացի, 0:18:00.850,0:18:05.040 յետոյ ալ միասին վերադարձանք արդէն: 0:18:06.070,0:18:10.500 Եւ միւս ընտանիքները Հալէ՞պ մնացէր են: 0:18:10.500,0:18:14.900 Հայր, մայր չ'ունիմ, ուրիշ հարազատ, հայրս, մայրս չկան, 0:18:14.900,0:18:22.217 արդէն մահացեր են, եղբայրս ալ... մայրս պատերազմի սկիզբը, 0:18:22.217,0:18:26.737 ոչ պատերազմի պատճառով, հիւանդութեան պատճառով, 0:18:26.737,0:18:31.107 բայց հայրս շատ աւելի շուտ մահացեր է: 0:18:34.209,0:18:40.429 Եւ առաջին անգամ, որ Հայաստան գնաց ատի քո առաջին 0:18:40.429,0:18:42.499 անգամ կեանքիդ մէջ, որ Հայաստան... 0:18:42.499,0:18:45.689 Չէ՛, 2004 թուականին եկած էի ուսուցչուհիներու հետ 0:18:45.689,0:18:49.939 վերապատրաստման եկած էի, 1 ամիս արդէն սիրահարուեր էի 0:18:49.939,0:18:55.029 Հայաստանի, հոգիս մնացեր էր այստեղ, շատ կ'ուզէի ապրիլ 0:18:55.029,0:19:00.170 Հայաստան, միշտ ալ որոշեր էինք, որ անպայման 0:19:00.170,0:19:04.170 ընտանիքով, այսինքն` եղբայրս, որ այն ատեն կու գար` 0:19:04.170,0:19:08.480 որպէս սբոսաշրջիկ կու գար Հայաստան, միշտ կ'որոշէր, որ 0:19:08.480,0:19:11.260 կը տեղափոխուինք յետոյ ետ կը վերադառնանք, կ'ըսէր 0:19:11.260,0:19:18.419 դժուար է այդտեղ, մեր գործը Հալէպ աւելի կարգին է, բայց եկանք: 0:19:18.419,0:19:25.586 Եւ այդ 2012 թուականը, որ եկած եք...[br]- Եւ վերջին գալս` 2013: 0:19:25.586,0:19:27.756 Բայց առաջինը` 2012... [br]- 2012 թուական: 0:19:27.756,0:19:30.742 Այդ ժամանակ... [br]-Առաջին-առաջինը 2004: 0:19:30.742,0:19:33.212 Երկրո՞րդը:[br]- 2012 թուական: 0:19:33.212,0:19:35.472 Ինչպէ՞ս էր, որ... [br]- Տարբերութի՞ւնը: 0:19:35.472,0:19:38.732 Ո՛չ, ինչպէ՞ս կը զգայիր Հայաստանի մէջ, կեանքը ինչպէ՞ս էր 0:19:38.732,0:19:40.799 դժուարութիւնները ի՞նչ էին: 0:19:40.799,0:19:43.142 2012-ի՞ն:[br]- Այո՛: 0:19:43.142,0:19:46.662 2004-ի՞ն այսինքն` տարբերութիւնը ի՞նչ էր:[br]- Չէ՛, չէ՛, ո՛չ տարբեր: 0:19:46.662,0:19:53.482 Միայն երբ, որ 2012 ըսիր, որ պտոյտի եկար:[br]- Այո՛: 0:19:53.482,0:19:55.722 Բայց վերջը մնացիր:[br]- Հա՛ 0:19:55.722,0:19:57.322 Այդ ժամանակ ինչպէ՞ս էր: 0:19:57.322,0:20:00.502 Ապրիլը ուրիշ տեսակ բան է, բայց որպէս սբոսաշրջիկ` 0:20:00.502,0:20:05.790 տարբեր է, ապրելու շատ դժուար է, Հայաստան լաւ գործ 0:20:05.790,0:20:08.620 պիտ ունենաս անպայման: 0:20:08.620,0:20:14.356 Եւ երբ, որ մտածեցիր, որ պտոյտի եկար, բայց հիմա պիտի 0:20:14.356,0:20:19.884 մնամ, մէկը քեզի օգնե՞ց, որ գիտե՞ս ուր կ'ապէիր կամ...[br]- Ես... 0:20:19.884,0:20:24.464 Ինչպէ՞ս գործ ընել...[br]- Չէ՛, որոշ ինչպէ՞ս օգնէին: 0:20:25.260,0:20:29.848 Ես Էջմիածին կը մնայի, շատ լաւ էր ժողովուրդը, միշտ 0:20:29.848,0:20:34.313 ունեցեր եմ հարեւաններ, դրացիներ, որ հազիւ փոխադրուեր 0:20:34.313,0:20:39.033 եմ տուն մը, եկած են, միշտ հարցուցեր են` ինչի՛ պէտք ունիս: 0:20:39.257,0:20:43.978 Եթէ որ ըսէի` այո պէտք ունիմ, միշտ առաջարկեր են կաթսա, 0:20:43.978,0:20:47.558 վերմակ, բարձ, հագուելիք, եթէ ըսէի` այո պէտք ունիմ, 0:20:47.558,0:20:50.688 կ'երեւի ես սենեակներով կաթսաներ կ'ունենայի, վերմակներ 0:20:50.688,0:20:54.068 կ'ունենայի, միշտ ժողովուրդին առաջարկ եղեր է, 0:20:54.068,0:20:58.948 օգնութեան առաջարկ միշտ լաւ վերաբերմունք տեսած եմ: 0:21:02.423,0:21:05.983 Օգնութիւն` որպէս ստացեր եմ Առաքելութիւն Հայաստանէն, 0:21:05.983,0:21:09.983 տան վարձքը վճառեր են ինծի համար, 0:21:10.327,0:21:15.467 ուրիշ Կարմիր խաչէն գիրքեր ստացեր եմ ` օգնութիւն 0:21:15.467,0:21:20.084 որպէս, հա՛, կարժէ նշելը: 0:21:20.084,0:21:25.204 Եւ ունինք ՄԱԿ-ը` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, 0:21:25.204,0:21:29.824 նորէն ինքը արդէն ձեռք երկարած է, օգնած է միշտ մեզի, 0:21:29.824,0:21:35.404 սուրիական կեդրոններ ալ ունինք` ԱԿՄԱ-ն, սնունդ կը բաժնէ 0:21:35.404,0:21:39.404 մեզի, 3 ամիս-4 ամիս անգամ մը լաւ ձեւով: 0:21:39.404,0:21:42.724 Ունինք բարեգործականը, Քանաքեր մէկը, հիմա ներկայիս 0:21:42.724,0:21:45.794 անվճար բժշկութիւն մեզի յատկացուցած է, 0:21:45.794,0:21:48.154 բժիշկները անվճար կ'աշխատին մեզի համար, 0:21:48.154,0:21:51.764 սուրիացի բժիշկներ են, պետութիւնն ալ արդէն ուսումը 0:21:51.764,0:21:55.914 անվճար ըրած է, բոլիքլինիքան անվճար ըրած է, 0:21:55.914,0:21:59.734 իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեզի կ'օգնէ: 0:21:59.734,0:22:06.948 Եւ այս առաջին անգամը որ, որչա՞փ առաջին, երկրորդը... 0:22:06.948,0:22:10.018 կ'աշխատէի՞ր այդ ժամանակ:[br]- Ո՞րտեղ: 0:22:10.018,0:22:14.018 Այստեղ: [br]- Այստեղ ես անձնական դասեր տուեր եմ տան մէջը, 0:22:14.018,0:22:18.338 պարապեր եմ, հայաստանեաց լէզուն պարապել կ'ըսեն: 0:22:18.725,0:22:21.965 Ուրեմն, անձնական դասեր տուած եմ երեխաներուն, 0:22:21.965,0:22:25.965 այդ ձեւով ալ կրցեր եմ ապրիլ: 0:22:25.965,0:22:32.355 Եւ երրորդ անգամ...[br]- Չէ՛, վերջին գալուս անձնական դասեր սկսերեմ տալու, 0:22:32.355,0:22:36.745 բայց որ եկած էի` որպէս զբօսաշրջիկ, ո՛չ, պտտեր էի: 0:22:38.303,0:22:45.743 2014-ի թուականին, այդ երրորդ անգամ, որ եկար, 0:22:48.032,0:22:51.612 ո՞ւր կ'ապէիր, հիմա ալ ո՞ւր կ'ապրիս: 0:22:51.612,0:22:55.262 Ես ընդհանրապէս Էջմիածին ապրեցայ, եկայ Երեւան, 0:22:55.262,0:22:59.262 տան վարձք վճարեցի, յետոյ ետ չկրցայ շարունակել, 0:22:59.262,0:23:04.322 երբ, որ դադարեցուցին տան վարձքը, որովհետեւ Երեւան 0:23:04.322,0:23:08.942 դժուար է գոյատեւել, ետ վերադարձայ Էջմիածին: 0:23:08.975,0:23:11.755 Այդտեղ օգնեցին ինծի նորէն Առաքելութիւն Հայաստանը 0:23:11.755,0:23:17.685 օգնեց, ՄԱԿ-ը տան վարձք վճառեց, յետոյ իմ կեանքի 0:23:17.685,0:23:21.685 երազս էր Երեւան ապրիլ, Երեւան ալ աւելի առիթը կայ 0:23:21.685,0:23:27.375 աշխատանք գտնելու, կրկին դիմեցի Առաքելութիւն 0:23:27.375,0:23:29.855 Հայաստանին եւ ՄԱԿ-ին, ինծի սոցիալական տուն 0:23:29.855,0:23:32.875 յատկացուցին, սենեակ մը, հիմա ներկայիս մէկուկէս տարի է 0:23:32.875,0:23:34.525 այստեղ կ'ապրիմ: 0:23:34.525,0:23:43.495 Եւ դուն ալ հոս կ'ապրիս եւ կ'աշխատիս Առաքելութեան հետ կամ... 0:23:43.495,0:23:50.635 Ես հիմա պարապմունքներ ալ ունիմ, երեխեքի հետ կը պարապեմ: 0:23:53.410,0:23:57.950 Ասի անգլերէն դաս տալով, երբեմն ալ հայերէն, 0:23:58.928,0:24:03.838 որովհետեւ արեւմտահայերէնինը արեւելահայերէն շատ 0:24:03.838,0:24:08.235 դիւրին է, շատ աւելի դիւրին է քերականութիւնը եւ այլն, 0:24:08.235,0:24:10.855 ուղղագրութիւնը աւելի դիւրին է: 0:24:10.855,0:24:15.155 Եւ այս նոր տունը Առաքելութեան...[br]- Այո՛, սոցտունը: 0:24:15.155,0:24:18.225 Ինչպէ՞ս է կեանքը այնտեղ: 0:24:18.225,0:24:23.698 Սոցիալական տունը 5 դրացիներով կ'ապրինք, 5 հարեւան, 0:24:23.698,0:24:30.346 5 տուն է, միասին բոլորս մէկ տեղ կ'ապրինք, միակ բրոպլէմ 0:24:30.346,0:24:35.756 ունինք` ձմեռուայ խնդիրը, տան ջերացումը անցեալ տարի 0:24:37.219,0:24:42.119 անցեալ տարի մենք չ'ունեցանք բաղնիք լողանալու, 0:24:42.119,0:24:47.600 ո՛չ ալ լուացք ընելու պայմաններ չունէինք, հազիւ կաթիլ մը 0:24:47.600,0:24:52.601 ջուր կաթեր գետինը, արդէն վախնալիք էր, կը սահէին մէջը, 0:24:52.601,0:24:58.270 մեծեր ալ կան, ուրեմն, այս սոցիալական տունը` շէնքը 0:24:58.270,0:25:01.610 ՄԱԿ-ը յատկացուցեր է դրամ` նորոգութեան դրամը, 0:25:01.610,0:25:07.440 նորոգութիւններ եղած են, բայց որ որոշ պատճառներով 0:25:08.150,0:25:12.150 չէ շարունակուած, կ'երեւի ամէն ինչ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, 0:25:12.150,0:25:17.294 ջեռուցման հարց շատ կարեւոր է ձմեռը, այդ մէկը մենք 0:25:17.294,0:25:21.534 պէտքը ունինք, բայց ո՞վ, ինչպէ՞ս պիտ օգնէ մեզի, չեմ գիտեր: 0:25:22.055,0:25:25.465 Ի՞նչ կը կարծէս պետութիւնը կամ կազմակերպութիւնները 0:25:25.465,0:25:29.615 աւելի կրնան ընել, որ սուրիահայերուն օգնեն եւ աւելի 0:25:29.616,0:25:32.696 հանգիստ կեանք ունին այստեղ: 0:25:32.696,0:25:35.853 Պետութիւնը ինքը արդէն իր կարելիութիւնները կ'ընէ, 0:25:36.361,0:25:41.524 բայց որ իր կարողութեան սահմաններուն, սահմաններէն 0:25:41.524,0:25:44.244 ներս պիտի ըլլայ իր օգնութիւնը, բայց 0:25:44.244,0:25:47.434 կազմակերպութիւնները, որ օտար երկիրներու հետ, 0:25:47.434,0:25:52.744 բարերարներու հետ ինչ-որ կապեր ունին, կրնան աւելի 0:25:52.744,0:25:57.234 մեզի օգտակար դառնալ, ալ ո՞ր մէկ կազմակերպութիւնը, 0:25:57.234,0:26:01.084 ի՞նչ ձեւով, այդքանը իրենք գիտեն: 0:26:01.500,0:26:04.750 Կազմակերպութիւնները, կը կարծեմ, աւելի մեզի կրնան 0:26:04.750,0:26:07.780 օգնութեան ձեռք երկարել, եւ արդէն մէկ-մէկ ալ 0:26:07.780,0:26:12.260 ըրած են, ինչ-որ ՄԱԿ-ը, Կարմիր խաչը, ըրած են` այդ մէկը; 0:26:15.196,0:26:22.286 Եւ կը զգա՞յիր տեղացի Հայաստանցիներուն հետ, կը զգա՞յիր, որ 0:26:22.286,0:26:29.214 welcomed (մերուած) կը զգայի՞ր կամ շատ մշակույթի... 0:26:29.214,0:26:34.042 Հակառակը, ես աւելի արդէն հոգեկանով պատրաստուած եմ 0:26:34.042,0:26:37.832 շատ շուտուանից, որ Հայաստան կ'ուզեմ ապրիլ, եւ արդէն 0:26:37.832,0:26:39.862 Հայաստանի ժողովուրդը օտար չէ այդքան 0:26:39.862,0:26:44.460 հալէպահայերուն համար, եկած են Հալէպ, տեսած ենք, 0:26:44.460,0:26:48.880 ծանօթ ենք իրենց, եւ մենք օտար չենք, մեզի համար օտար չէ, 0:26:48.880,0:26:52.946 աւելի ճիշդը մշակոյթը` հայկական մշակոյթը, 0:26:52.946,0:26:56.786 պզտիկ տարբերութիւններ կրնան ըլլալ, որ սփիւռքի 0:26:56.786,0:27:02.246 մշակոյթը քիչ մը կ'ազդուի իր ապրած երկիրէն, այստեղը 0:27:02.246,0:27:07.561 զուտ հայկական մշակոյթ է, ամէն ինչ ալ շատ գեղեցիկ է, 0:27:07.561,0:27:12.917 յաճելի է, շատ տարբերութիւն չկայ, շուտ ընտելացայ, 0:27:12.917,0:27:19.963 շուտ ընդունեցի իրենց ամէն ձեւով, իրենց խոհանոցով, 0:27:19.963,0:27:25.313 իրենց մտածելակերպով, այդքան ալ դժուար չէ: 0:27:25.313,0:27:30.003 Այդ պզտիկ մշակոյթի կամ լեզուի տարբերութիւնները ինչպէ՞ս 0:27:30.003,0:27:34.003 քու սուրիահայ մշակոյթը կը պահէ այստեղ: 0:27:34.003,0:27:38.827 Սուրիական մշակոյթը, նախ` արեւմտահայերէնը, ես 0:27:38.827,0:27:42.377 չեմ ուզեր արեւմտահայերէնը մոռնալ, կ'ուզէի 0:27:42.377,0:27:46.037 արեւելահայերէն ալ լաւ հնչել, բայց չեմ կրնար, 0:27:46.037,0:27:51.859 կրնամ խօսիլ, կարամ խօսել, բայց հնչելը դժուար է, մենք 0:27:51.859,0:27:56.229 Մեստրոպեան հնչիւնները կորսնցուցած ենք, ափսոս, 0:27:57.354,0:28:03.537 յետոյ որպէս սուրիական մշակոյթ` կրնանք գրեթէ նոյն 0:28:03.537,0:28:07.577 հայկական` որպէս մշակոյթ, սուրիահայ որպէս` ես կրնամ 0:28:07.577,0:28:10.827 ըսել` մեր մշակոյթը նոյն կը գոյատեւենք աստեղ, 0:28:10.827,0:28:16.097 նոյն ձեւերով, նոյն սովորութիւններով կը տեւենք, կը շարունակենք: 0:28:16.097,0:28:21.085 Ուրեմն, կը զգա՞ս, որ քու հայրենիքիդ մէջ կ'ապրիս, բայց 0:28:21.085,0:28:26.165 ասի նոյն հայրենիք չէ՞ որ քու մեծ հայրիկներդ, մեծ 0:28:26.165,0:28:30.235 մայրիկներդ փախած են, բայց դեռ կը զգա՞ս, որ այստեղ քու հայրենիքդ է: 0:28:30.235,0:28:33.045 Անշուշտ է` նոյնը պիտի չ'ըլլայ, 100 տարի առաջ 0:28:33.045,0:28:38.552 ուրիշ բան մըն էր, ինքը 100 տարի չէ, արդէն 5 տարի առաջ 0:28:38.552,0:28:43.033 ուրիշ տեսակ էր Հայաստանը, հիմա աւելի դժուար է կեանքը, 0:28:43.033,0:28:47.711 յետոյ երբ զբօսաշրջիկ` որպէս tourist ,զբօսաշրջիկ ես եկայ, 0:28:47.711,0:28:51.711 ուրիշ տեսակ էր իմ դիտանկիւնս, հիմա, որ կ'ապրիմ, 0:28:51.711,0:28:58.740 աւելի դժուար է, աւելի դժուարութիւնները տեսայ, բայց իմն է: 0:28:58.740,0:29:03.960 Ես իրն եմ, պատկանելիութեան զգացումս շատ յաճելի է, 0:29:03.960,0:29:07.340 արդէն պէտք է, որ ամէն հայ իր արմատները դնէ 0:29:07.340,0:29:11.340 հայրենիքի մէջ, ամէն անձ պէտք է իր հայրենիքի մէջ 0:29:11.340,0:29:15.340 իր արմատները դնէ, ուրիշին հողին վրայ, երբ ծառը 0:29:15.340,0:29:19.340 կը տնկես, այդ ծառին շուքին տակ երբեմն չես հասցներ 0:29:19.340,0:29:23.500 նստելու, պէտք է քու հողիդ վրայ այդ ծառը տնկես: 0:29:24.821,0:29:29.569 Ուրեմն կ'ուզե՞ս այստեղ մնալ կամ ետ վերադառնալ 0:29:29.569,0:29:31.919 Հալէպ կամ ուրիշ տեղ երթալ: 0:29:31.919,0:29:37.800 Կ'ուզեմ վերադառնալ Հալէպ` որպէս կարօտ իմ 0:29:37.800,0:29:45.010 ծննդավայրը, իմ միջավայրը, իմ թաղը եւ այլն, ես 46 տարի 0:29:45.010,0:29:48.950 այդտեղ ապրեր եմ` նախքան այստեղը գալս, անշուշտ է 0:29:48.950,0:29:53.874 յիշատակներս շատ են, կարօտն ալ բոլորին, ամէն ինչին, 0:29:53.874,0:29:57.874 բայց արդէն կ'ուզեմ ապրիլ, շարունակել Հայաստան: 0:29:57.874,0:30:04.078 Եւ ի՞նչ կը յուսաս գործիդ համար կամ անձնական:[br]- Անձնակա՞ն: 0:30:04.078,0:30:10.174 Եթէ լաւ աշխատանք չ'ըլլայ, ոչ մէկ յոյս չկայ: 0:30:11.977,0:30:15.977 Աշխատանք պիտի ըլլայ, որպէսզի, յոյսդ պիտի 0:30:15.977,0:30:21.740 չի կորսնցնես, արդէն կեանքի կառչելու համար 0:30:21.740,0:30:27.335 պիտի ստեղծես դուն յոյսը, բայց առանց աշխատանքի 0:30:27.335,0:30:29.345 ոչ մէկ բան չ'ըլլար: 0:30:29.345,0:30:32.915 Ի՞նչ տեսակ աշխատանք կ'ուզես:[br]- Ինչ, որ ըլլայ: 0:30:32.915,0:30:35.425 Աա Հայաստանն է, ամէն ինչ պիտի աշխատիս, 0:30:35.425,0:30:38.165 ինչ, որ ըլլայ պիտի աշխատիս: 0:30:38.165,0:30:43.145 Ըսիր, որ ընտանիք չ'ունիս Հալէպ, բարեկամներ ունի՞ս այնտեղ: 0:30:43.145,0:30:46.165 Չէ՛, ազգականներ չ'ունիմ ես, 0:30:46.165,0:30:49.595 ընկերներ ունիմ, ընկերուհիներ ունիմ, հարեւաններ ունիմ: 0:30:49.595,0:30:54.716 Դեռ հո՞ն են կա՞մ...[br]- Ընդհանրապէս, ընդհանրապէս անցան Եվրոպա, 0:30:55.064,0:30:57.434 մեկը չմնաց ընդհանրապէս: 0:30:57.434,0:31:00.233 Տունդ դեռ հո՞ն է:[br]- Դեռ կայ: 0:31:00.233,0:31:04.863 Մէկը կը նայի՞, որ լաւ է: [br]- Այո՛: 0:31:05.588,0:31:09.328 Ի՞նչ կապ կը տեսնեք 1915-ի եւ այսօրուան դէպքերուն միջեւ: 0:31:09.332,0:31:13.332 Հիմա մենք 1915 թուականին պարտաւորուեցանք, 0:31:13.332,0:31:17.502 տեղահանուեցանք, մեր կամքով չ'ելանք, մեր ծնողները` 0:31:17.502,0:31:20.262 նախահայրերը, աւելի ճիշդ, տեղահանուած 0:31:20.262,0:31:24.262 ժողովուրդ էին 1915 թուականին, իրենք ջարդով, 0:31:24.262,0:31:29.066 կոտորածով, մահով մի քանի հոգիներ հասան 0:31:29.066,0:31:33.704 ընտանիքներէն սուրիական հողի վրայ, բայց հիմա շատ 0:31:33.704,0:31:38.214 տարբեր է, մեզի ոչ մէկը չ'ըսաւ Սուրիայէն դուրս ելէք, 0:31:38.214,0:31:42.214 երբէ՛ք, մենք ելանք դուրս, ելլողները, տակաւին շատ 0:31:42.214,0:31:48.464 հայեր կան կ'ապրին Սուրիա, Հալէպ, մէնք դուրս ելանք 0:31:48.464,0:31:52.464 մենք, որ կրնայինք ելլել, յարմարութիւններ ունէինք ելլելու, 0:31:52.464,0:31:56.600 ուզեցինք ելլել, մեզմէ շատերը, որ եկած են Հայաստան, 0:31:56.600,0:32:00.410 եկան Հայաստան ժամանակաւոր, կը խաղաղէր 0:32:00.410,0:32:03.990 պատերազմը, ետ կը վերադառնանք, այդ նպատակով 0:32:03.990,0:32:07.354 եկած են, բայց հիմա ես ուրիշներուն անունով չեմ ուզեր 0:32:07.354,0:32:12.158 խօսիլ, բայց ընդհանրապէս անոնք, որոնք արդէն այստեղ 0:32:12.158,0:32:17.178 աշխատանք ունին, չեն դառնար, եթէ սովորեր են այստեղի 0:32:17.178,0:32:20.318 կեանքը, վարժուեցան այստեղի կեանքին, եւ եթէ 0:32:20.318,0:32:24.318 աշխատանք ունին, չեմ կարծեր, որ վերադառնան, քիչ մը 0:32:24.318,0:32:27.318 կասկածելի է, որ Հալէպը ըլլայ առաջուայ պէս, շատ 0:32:27.318,0:32:30.538 ժամանակ կ'ուզէ առաջուայ պէս ըլլայ, երկար ժամանակի 0:32:30.538,0:32:32.018 հարց է: 0:32:33.008,0:32:41.929 Դուն անձնական ի՞նչն է, որ քեզի այստեղ կը կապէ:[br]- Կը կապէ՞: 0:32:42.530,0:32:48.589 Անձնական.... մանկութենէն Հայաստանի սէր կար մեր 0:32:48.589,0:32:53.299 տան մէջ, դպրոցը, միութիւնները, այդտեղ 0:32:53.299,0:32:56.189 հայապահպանման հարցը կայ, միութիւնները, 0:32:56.189,0:33:00.189 դպրոցները, բոլոր այս հարցին շուրջ կ'աշխատին, ուրեմն, 0:33:00.189,0:33:07.114 մեր տան մէջ ալ հայրենասիրութիւնը շեշտուած էր, 0:33:07.852,0:33:10.812 միշտ «Հայաստան, Հայաստան» կը հոլովէր, յետոյ 0:33:10.812,0:33:16.928 2004-ին, որ եկայ արդէն Հայաստան` 1 ամիս, իմ հոգիս 0:33:16.928,0:33:24.958 մնաց աjստեղ, կ'ուզէի գալ, ապրիլ, բայց չէինք համարձակիլ, 0:33:25.229,0:33:28.799 աշխատանքի պատճառով համարձակութիւն չ'ունէինք 0:33:28.799,0:33:32.509 այդտեղ ամէն ինչ քանդէինք, ետ գայինք այստեղէն սկսէինք, 0:33:32.509,0:33:36.399 չէինք գիտեր` կը յաջողինք, չենք յաջողիր, արդէն ես 0:33:36.399,0:33:41.919 կ'ուզէի ապրիլ Հայաստան, հիմա ալ եկեր եմ: 0:33:44.813,0:33:53.403 Եթէ մարդը... ի՞նչ խորհուրդ կու տաս...[br]- Որո՞ւ խորհուրդ տալ էր ատի, սիրիահայերու՞: 0:33:53.403,0:33:56.583 Սուրիահայեր, որ նորից եկած են Հայաստան: 0:33:56.583,0:34:00.963 Նախ` ես իրաւունք չեմ տար ես ինծի մէկու մը խորհուրդ տալ, 0:34:01.713,0:34:08.073 որովհետև կեանքի ամէն մէկ դրուագը, ամէն մէկ 0:34:08.073,0:34:11.993 ժամանակը քեզի բան մը կը սորվեցնէ, կը տեսնես, որ դուն 0:34:11.993,0:34:15.493 դեռ շատ բան չես գիտեր, այնպէս, որ խորհուրդ տալ ինծի 0:34:15.493,0:34:19.293 իրաւունք չ'ինար մէկու մը, ամէն մարդ պիտի գիտնայ իրեն 0:34:19.293,0:34:25.358 ի՞նչ յարմար է, պիտի լաւ մտածէ, այդպէս քայլը առնէ, բայց 0:34:25.358,0:34:32.172 քիչ առաջ, որ ըսի` միշտ ամէն մարդու հայրենիքը իր 0:34:34.186,0:34:41.446 ապաստանը պետք է ըլլայ, իր վերջին կանգառը պետք է 0:34:41.446,0:34:47.025 ըլլայ, իր փարոսը պէտք է ըլլայ, պէտք չէ ուրիշ օտարի 0:34:47.025,0:34:52.910 ափերուն վրայ ապրիլ, միշտ քու հողիդ վրայ պիտ ապրիս 0:34:52.910,0:34:56.980 եկող սերունդը քու հողիդ` անձնական, քու իսկական 0:34:56.980,0:34:59.810 հայրենիքի հողիդ վրայ, դուն եկող սերունդը պիտի 0:34:59.810,0:35:03.920 դաստիարակես, այդ ծառը, որ քիչ առաջ յիշեցի քու 0:35:03.920,0:35:07.160 հայրենիքիդ հողի վրայ պիտի ցանես: 0:35:07.160,0:35:10.590 Շատ գեղեցիկ խորհուրդ էր: 0:35:10.590,0:35:20.296 Եթէ կրնաս քու մասին երկու բառով բացատրել...[br]- Ի՞մ մասին: 0:35:20.296,0:35:22.396 Ի՞նչ ես երկու բառով: 0:35:22.396,0:35:26.446 Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ, թէկուզ դժուարութիւններու 0:35:26.446,0:35:29.986 մէջ եմ եւ չեմ գիտեր գալիք օրերը ի՞նչ կ'ըլլայ, բայց 0:35:29.986,0:35:32.906 ուրախ եմ, որ Հայաստան կ'ապրիմ եւ միշտ ալ այստեղ 0:35:32.906,0:35:35.026 կ'ուզեմ ապրիլ: [br]- Շատ լաւ: 0:35:35.026,0:35:38.426 Եւ շնորհակալ եմ, նախ` շնորհակալ եմ Հայաստանի 0:35:38.426,0:35:42.426 ժողովուրդին, որ միշտ ինծի մէջք կանգնեցան: 0:35:43.077,0:35:46.857 Ինպէ՞ս սուրիահայերը կրնան դրական ազդեցութիւն ձգել Հայաստանի վրայ: 0:35:47.283,0:35:51.443 Սիրիահայերը ի՞նչ օգուտ կրնան տալ Հայաստանի: 0:35:51.956,0:35:58.856 Ամէն անձ, որ կրնայ իր ձեռքէն որոշ արհեստ մը կամ 0:35:58.856,0:36:03.425 նորութիւն մը կրնայ ձեռք բերել կամ արհեստ ունի, 0:36:03.814,0:36:08.404 եւ եթէ որ պայմաններ ստեղծուին այդ անձին, կրնայ օգուտ 0:36:08.404,0:36:12.836 բերէ Հայաստանին, ինչո՞ւ չէ, բայց որ պայմանները պէտք է 0:36:12.836,0:36:16.886 ստեղծուին, առիթը պիտի տրուի, նիւթական պայմաններ 0:36:16.886,0:36:20.856 պիտի ըլլան առաջին հերթին, որպէսզի կարենաս դուն քու 0:36:21.265,0:36:25.465 իմացածներդ, գիտցածներդ աշխատիս, ուրիշներուն ալ 0:36:25.465,0:36:29.325 օգտակար դառնաս, օրինակ, եթէ մէկը անձնական 0:36:29.325,0:36:32.275 աշխատանք մը ունենայ, օրինակ, խանութ մը ունենայ, 0:36:32.275,0:36:36.777 ինքը մենակ պիտի չ'աշխատի, ուրիշ գործաւորներ ալ 0:36:36.777,0:36:39.667 պիտի ունենայ, ուրիշ ընտանիքներ ալ այդ խանութէն պիտի 0:36:39.667,0:36:42.977 օգտուին, ասի ամէնապզտիկ օգուտն է, դեռ կան, ուրիշ 0:36:42.977,0:36:46.757 օգուտներ ալ կան, որ արհեստաւոր, արուեստագէտներ, 0:36:46.757,0:36:51.207 օրինակ, կրնան ըլլալ, սիրիահայեր, որոշ 0:36:51.302,0:36:55.302 անձնաւորութիւններ, որ զարգացած, առաջացած կրնան, 0:36:55.534,0:37:00.374 եւ կան աշխատողներ հիմա, որ որոշ կեդրոններ 0:37:00.374,0:37:04.433 կ'աշխատին Մատենադարանին մէջ կամ ուրիշ տեղեր: 0:37:04.433,0:37:08.043 Չեմ ուզեր ուղղակի անուններ տալ, արդէն սիրիահայեր կան, 0:37:08.043,0:37:12.533 որ կ'աշխատին Հայաստանի մէջ, օգուտ կու տան Հայաստանի: 0:37:13.199,0:37:22.591 Եւ դուն ինչպէ՞ս նոր ընկերուհիներ, ընկերներ կամ յամայնք...[br]- Հա՛, 0:37:22.591,0:37:28.131 նոր ընկերային կեանք...[br]- Եւ սուրիահայերո՞ւն հետ կամ հայաստանցիներո՞ւ հետ: 0:37:28.131,0:37:31.489 Ընդհանրապէս հայաստանցիներ են միջավայրս, ես կը սիրեմ 0:37:31.489,0:37:34.759 նորութիւն, յետոյ արդէն հոգեկանով պատրաստ էի 0:37:34.759,0:37:40.279 ընդունիլ, ինչ, որ նորութիւն է իրենց հետաքրքրական է, 0:37:40.279,0:37:44.279 իրենց կեանքը, նոր բան մը, եւ այդքան ալ դժուար չէր 0:37:44.279,0:37:52.529 ընդունիլը, ինծի համար հաճելի էր, եւ արդէն ունիմ, հսկայ միջավայր ունիմ: 0:37:53.185,0:38:04.335 Ըսիք, որ Հայաստանը գրկաբաց ընդունեց ձեզի, ի՞նչպիսի օրինակներ կրնաք տալ: 0:38:04.335,0:38:08.775 Հայերը ինչպէ՞ս մեզի ընդունեցին այստեղ:[br]- Օրինակ, օրինակներ ունի՞ս: 0:38:08.775,0:38:10.275 Մեզի ինչպէ՞ս ընդունեցին: 0:38:10.275,0:38:14.065 Հա՛, քիչ առաջ, որ ըսի ինչպէ՞ս ժողովուրդը, հա՛: 0:38:14.065,0:38:16.475 Եթէ պատմութիւն կամ օրինակ ունիս: 0:38:16.475,0:38:20.475 Օրինակ` պատահեր է, որ ես թրանսբորդի մէջ նստած եմ, 0:38:20.475,0:38:23.785 տեղ մը պիտի երթամ, արդէն իմ խօսակցութիւնէս 0:38:23.785,0:38:27.245 գիտցեր են արեւմտահայերէն է, օրինակ, իրենք վճառած են այդ 0:38:27.245,0:38:33.497 100 դրամը, իրենք ուզած են բան մը ընել, պատահեր է, որ, 0:38:33.961,0:38:38.231 օրինակ, վարորդը չէ վերցուցած այդ 100 դրամը կամ 0:38:38.231,0:38:42.471 նոյնիսկ թաքսիի վարորդը նորէն ինծի զեղջ երած էր իր բաժինը, 0:38:42.471,0:38:47.354 որ կրնայ, սրանք լրիւ օտարներ են, իսկ դրացիներու 0:38:47.354,0:38:51.354 պարագային` հարեւաններու պարագային, քիչ առաջ, որ ըսի 0:38:51.354,0:38:55.784 հազիւ տուն մը փոխադրուէի, կու գային «Ինչի՞ պէտք ունիս», 0:38:56.190,0:39:00.190 արդէն այդ հարցումը կը զգաս, որ դուն մենակ չես: 0:39:02.124,0:39:07.321 Միշտ օգնողներ եղեր են մեզի, միայն ինծի չէ, բայց միշտ 0:39:07.321,0:39:11.321 օգնողներ եղած է, այնյիքն` չի նայած հաստատութիւններու, 0:39:11.321,0:39:13.391 կազմակերպութիւններու, ինչ-որ Կարմիր խաչը, 0:39:13.391,0:39:18.107 ՄԱԿ-ը, Առաքելութիւն Հայաստանը, սրանք, որ ոչ 0:39:18.107,0:39:21.377 սուրիական կազմակերպութիւններ են արդէն մեզի 0:39:21.377,0:39:26.507 կ'օգնեն, առաւել եւս ժողովուրդը ինքը արդէն մեզի օգնող շատ է: 0:39:26.507,0:39:30.507 Բան մը կա՞յ, որ կ'ուզես աւելցնել, որ չ'ըսիր: 0:39:31.024,0:39:37.371 Շատ բաներ կան, ինչպիսի՞ բան, թո՛ղ բոլոր հայերը 0:39:37.371,0:39:44.451 դառնան Հայաստան, մենք, տեսէ՛ք, օրինակ, իմ ընտանիքը, 0:39:45.200,0:39:47.810 մենք միշտ սիրած ենք Հայաստանը, չտեսած արդէն 0:39:47.810,0:39:50.070 Հայաստան մենք կը սիրէինք, Հայաստանը, որ տեսանք 0:39:50.070,0:39:53.280 արդէն մենք սիրահարուեցանք Հայաստանին, որովհետեւ 0:39:53.280,0:39:57.280 կը զգաս, որ դուն իրն ես, ինք քոնն է, քո մայրն է, 0:39:57.280,0:40:01.020 իր ամէն դերութիւններով, իր ամէն ինչով արդէն քոնն է, 0:40:01.020,0:40:06.583 դուն իրն ես, շատ ուզեցինք գալ, այստեղ հաստատուիլ 0:40:06.583,0:40:12.283 միշտ աշխատանքի հարցը դնելով` մենք քայլ չ'առինք, 0:40:12.283,0:40:16.381 ահա, տեսէ՛ք, եկաւ օրը, որ արդէն մենք եկանք, եւ այս ձեւով 0:40:16.381,0:40:19.411 պետք չէ գայինք, պէտք է մէնք աւելի կազմակերպուած 0:40:19.415,0:40:24.427 գայինք, ուրեմն, վերջաւորութեան իմացանք, որ մեր տեղը 0:40:24.427,0:40:30.257 մեր մօր գիրկն է, ոչ թէ օտար ափերը, թէկուզ լաւն է 0:40:30.257,0:40:35.529 Սիրիան` ծննդավայրը մեր, շատ լաւն է, Սիրիայի 0:40:35.529,0:40:40.522 ժողովուրդը, պետութիւնը հարազատ են մեզի համար, 0:40:40.522,0:40:45.872 բայց կը մնայ քո մայր... մայրը, քո երկիրը, ուրեմն, բոլոր 0:40:45.872,0:40:49.294 հայերը, որ մանաւանդ անոնք, որոնք յարմարութիւններ 0:40:49.294,0:40:53.294 ունին այստեղ աշխատանքի, աշխատանք ստեղծել, 0:40:53.294,0:40:58.958 պէտք չէ մտածեն, շատ մտածելու բան չկայ, արդէն պէտք է 0:40:58.958,0:41:01.858 գան այստեղէն սկսին, որպէսզի իրենցմէ վերջ յաջորդ 0:41:01.858,0:41:06.615 սերունդը շարունակէ, եւ մենք, որ գանք, սփիւռքահայերը 0:41:06.615,0:41:10.355 արդէն սկսինք, մանաւանդ երիտասարդ ուժերը, եթէ 0:41:10.355,0:41:16.785 սկսին գալ Հայաստան առանց յուսահատելու, եւ շատ մե՛ծ 0:41:16.785,0:41:20.765 յոյսեր դնելու պէտքը չկայ, այդ յոյսը դուն պիտի ստեղծես, 0:41:20.765,0:41:24.765 արդէն սերունդէ սերունդ մենք կը լաւանանք, բայց որ 0:41:24.765,0:41:28.145 հեռուէն կը նստինք, կը դիտէինք, մենք սփիւռքահայերը 0:41:28.145,0:41:31.975 «Հայաստա՜ն», Հայաստանի սէր չի՛ բաւեր, բան մը ընել 0:41:31.975,0:41:38.180 պէտք է, ամէն մարդ ինչ, որ կրնայ ընել, պէտք է ընէ, պզտիկ 0:41:38.180,0:41:43.220 պատմութիւն մը կայ, ուրեմն, անտառին մէջ հրդեհ 0:41:43.220,0:41:46.895 կը պատահի, բոլոր կենդանիները... [br]- Հրդեհ ի՞նչ է: 0:41:47.397,0:41:49.157 Fire.[br]- Օ՜հ՛: 0:41:49.157,0:41:52.386 Ուրեմն, բոլոր կենդանիները իրենց հոգին ազատելու մասին 0:41:52.386,0:41:56.506 կը խորհին եւ կը փախչին, կ'ըսէ, որ յանկարծ կը տեսնեն 0:41:56.506,0:42:02.362 ծիտիկը - bird կռնակին վրայ դարձած, շուռ եկած, 0:42:02.362,0:42:07.222 տոտիկները վեր, իրեն կ'ըսեն «Ի՞նչ կ'ընես, փախի՛ր, հոգիդ 0:42:07.222,0:42:12.015 ազատէ, հիմա կը վառիս, կը մեռնիս», կ'ըսէ «Չէ՛, ես երկինքը 0:42:12.015,0:42:17.765 կը բռնեմ», ուրեմն, այդ ծտիկը` իր պզտիկ, տկար տոտիկներով, 0:42:17.765,0:42:24.334 իրեն ինկած բաժինը կ'ընէ` երկինքը կը բռնէ, որ 0:42:24.790,0:42:28.710 ազատէ, անտառը ազատէ, ներողութիւն, հրդեհ չէր, 0:42:28.710,0:42:33.422 երկինքը փուլ կու գար, հա, ուրեմն, մենք ալ բոլորս, եթէ որ 0:42:33.422,0:42:37.532 ամէն մարդ իրեն ինկած բաժինը ընէ, այդ ծտիկին նման 0:42:37.532,0:42:41.362 չի յուսահատի, արդէն բան մը կ'ըլլայ, արդէն բան մը 0:42:41.362,0:42:45.362 կրնանք ընել այստեղի համար: 0:42:47.934,0:42:51.214 Ուրի՞շ, ուրիշ բա՞ն:[br]- Այսքան: 0:42:51.214,0:42:54.614 Ես դասատու եմ, կրնամ մինչեւ առաւօտ խօսիլ: 0:42:54.614,0:42:56.435 Շատ կը սորվինք ձեզմէ: