Բոլոր ծնողները լաւագոյնը կը ցանկան իրենց զաւակներուն, բայց ձեր զաւակին արտադպրոցական զբաղումները մնայուն կերպով ձեր ակնկալած արդիւնքը կու տան : Թերեւս ժամանակն է մտածելու որ ձեր զաւակը պէտք է երաժշտական կրթութիւն ստանայ: Մանկութեան շրջանին ապացուցուած է, որ երաժշտական կրթութիւնը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ: կը բարելաւէ աշակերտին ուշադրութիւնը, կը զարգացնէ անոր վերացական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը: Երաժշտական կրթութիւն ունեցող մանուկները աւելի զորաւոր լսողութեան եւ յիշողութեան հմտութիւններ ունին: Ինչպէս նաեւ, երաժշտութիւնը ուղեղին երկու կիսագունդերը կ'աշխատցնէ եւ մանուկները կը մղէ միաժամանակ տարբեր աշխատանքներ կատարելու: Երաժշտութիւնը եւ թուաբանութիւնը չափազանց փոխկապակցուած են: