Բոլոր ծնողները լաւագոյնը
կը ցանկան իրենց զաւակներուն,
բայց արդեօք ձեր զաւակին
արտադպրոցական զբաղումները
մնայուն կերպով ձեր
ակնկալած արդիւնքը կու տա՞ն :
Թերեւս ժամանակն է որ ձեր զաւակը
երաժշտական կրթութիւն ստանայ:
Մանկութեան շրջանին ապացուցուած է,
որ երաժշտական կրթութիւն
ստանալը շատ կարեւոր է:
Անիկա կը բարելաւէ
աշակերտին ուշադրութիւնը,
վերացական մտածողութիւնը
եւ ստեղծագործականութիւնը:
Երաժշտական կրթութիւն
ունեցող մանուկները
սովորաբար աւելի լաւ լսողութեան
եւ յիշողութեան ունակութիւններ ունին:
Երաժշտութիւնը ազդեցութիւն ունի նաեւ
ուղեղին երկու կողմերուն վրայ:
Այսպիսով մանուկները կ'ունենան
միաժամանակ տարբեր աշխատանքներ
կատարելու ունակութիւն:
Երաժշտութիւնը եւ թուաբանութիւնը
չափազանց փոխկապակցուած են:
Ըմբռնելով ռիթմերը, կշռոյթը
եւ աստիճանաչափերը,
նոյնիսկ տարիքով փոքր
երաժշտութիւն նուագողները կը սորվին
բաժնել եւ ստեղծել երաժշտական կտորներ
ու ծանօթանալ երաժշտական նմուշներուն:
Երաժշտութիւնը մանուկներուն
ֆիզիքական զարգացումը կ'ապահովէ,
անոնք նաեւ կ'ըլլան կարգապահ
եւ ինքնահամարում կ'ունենան:
Այն աշակերտները որոնք կը մասնակցին
երաժշտական յայտագիրներու
միշտ աւելի բարձր նիշեր կ'ապահովեն
թուաբանութեան եւ անգլերէնի մէջ
քան միւս աշակերտները:
Ուսումնասիրութիւնները
ցոյց տուած են նաեւ թէ
այն անձերը որոնք երաժշտական դասերու
հետեւած են փոքր տարիքէն
յաճախ կ'ունենան շատ լաւ լսողութիւն
նոյնիսկ 50 տարի վերջ:
Ձեր զաւակը երաժշտութեան դասընթացքի
արձանագրեցէք առանց մտածելու :
Ծնողներ, զարգացուցէք ձեր զաւակին
միտքն ու զգացումները
որ ան երաժշտական տաղանդ ունենայ:
Եթէ կ'ուզէք իմանալ թէ որքան օգտակար է
երաժշտութիւն նուագելը որեւէ տարիքի
Այցելեցէք nammfoundation.org կայքէջը: