1 00:00:00,820 --> 00:00:03,342 Բոլոր ծնողները լաւագոյնը կը ցանկան իրենց զաւակներուն, 2 00:00:03,342 --> 00:00:05,671 բայց արդեօք ձեր զաւակին արտադպրոցական զբաղումները 3 00:00:05,671 --> 00:00:08,511 մնայուն կերպով ձեր ակնկալած արդիւնքը կու տան : 4 00:00:08,761 --> 00:00:11,623 Թերեւս ժամանակն է որ ձեր զաւակը երաժշտական կրթութիւն ստանայ: 5 00:00:11,883 --> 00:00:14,327 Մանկութեան շրջանին ապացուցուած է, 6 00:00:14,327 --> 00:00:16,197 որ երաժշտական կրթութիւն ստանալը շատ կարեւոր է: 7 00:00:16,577 --> 00:00:18,370 Անիկա կը բարելաւէ աշակերտին ուշադրութիւնը, 8 00:00:18,390 --> 00:00:19,703 վերացական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը: 9 00:00:19,703 --> 00:00:21,556 Երաժշտական կրթութիւն ունեցող մանուկները 10 00:00:21,556 --> 00:00:24,741 սովորաբար աւելի լաւ լսողութեան եւ յիշողութեան ունակութիւններ ունին: 11 00:00:24,741 --> 00:00:27,830 Երաժշտութիւնը ազդեցութիւն ունի նաեւ ուղեղին երկու կողմերուն վրայ: 12 00:00:27,830 --> 00:00:30,215 Այսպիսով մանուկները միաժամանակ տարբեր աշխատանքներ 13 00:00:30,215 --> 00:00:32,485 կատարելու ունակութիւն կ'ունենան: 14 00:00:32,485 --> 00:00:35,246 Երաժշտութիւնը եւ թուաբանութիւնը չափազանց փոխկապակցուած են: 15 00:00:35,246 --> 00:00:37,340 Ըմբռնելով ռիթմերը, կշռոյթը եւ աստիճանաչափերը 16 00:00:37,340 --> 00:00:40,294 նոյնիսկ տարիքով փոքր երաժշտութիւն նուագողները կը սորվին 17 00:00:40,294 --> 00:00:43,298 բաժնել եւ ստեղծել երաժշտական կտորներ ու ծանօթանալ երաժշտական նմուշներուն: 18 00:00:43,298 --> 00:00:46,600 Երաժշտութիւնը մանուկներուն ֆիզիքական զարգացումը կ'ապահովէ, 19 00:00:48,560 --> 00:00:51,559 անոնք նաեւ կ'ըլլան կարգապահ եւ ինքնահամարում կ'ունենան: 20 00:00:52,079 --> 00:00:53,599 Այն աշակերտները որոնք կը մասնակցին երաժշտական յայտագիրներու 21 00:00:53,689 --> 00:00:55,532 միշտ իրենց դասընկերներէն աւելի բարձր նիշեր կ'ապահովեն 22 00:00:55,532 --> 00:00:57,752 թուաբանութեան եւ անգլերէնի մէջ: 23 00:00:57,752 --> 00:00:59,798 Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են նաեւ թէ 24 00:00:59,798 --> 00:01:02,609 այն անձերը որոնք երաժշտական դասերու հետեւած են փոքր տարիքէն 25 00:01:02,609 --> 00:01:05,747 յաճախ կ'ունենան շատ լաւ լսողութիւն նոյնիսկ 50 տարի վերջ: 26 00:01:05,747 --> 00:01:08,797 Ձեր զաւակը երաժշտութեան դասընթացքի արձանագրեցէք առանց մտածելու : 27 00:01:08,797 --> 00:01:11,375 Ծնողներ, զարգացուցէք ձեր զաւակին միտքն ու զգացումները 28 00:01:11,375 --> 00:01:13,798 որ ան երաժշտական տաղանդ ունենայ: 29 00:01:13,798 --> 00:01:17,268 Եթէ կ'ուզէք իմանալ թէ որքան օգտակար է երաժշտութիւն նուագելը որեւէ տարիքի 30 00:01:17,268 --> 00:01:19,710 Այցելեցէք nammfoundation.org կայքէջը: