Բոլոր ծնողները լաւագոյնը կը ցանկան իրենց զաւակներուն, բայց արդեօք ձեր զաւակին արտադպրոցական զբաղումները մնայուն կերպով ձեր ակնկալած արդիւնքը կու տան : Թերեւս ժամանակն է որ ձեր զաւակը երաժշտական կրթութիւն ստանայ: Մանկութեան շրջանին ապացուցուած է, որ երաժշտական կրթութիւն ստանալը շատ կարեւոր է: Անիկա կը բարելաւէ աշակերտին ուշադրութիւնը, վերացական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը: Երաժշտական կրթութիւն ունեցող մանուկները սովորաբար աւելի լաւ լսողութեան եւ յիշողութեան ունակութիւններ ունին: Երաժշտութիւնը ազդեցութիւն ունի նաեւ ուղեղին երկու կողմերուն վրայ: Այսպիսով մանուկները միաժամանակ տարբեր աշխատանքներ կատարելու ունակութիւն կ'ունենան: Երաժշտութիւնը եւ թուաբանութիւնը չափազանց փոխկապակցուած են: Ըմբռնելով ռիթմերը, կշռոյթը եւ աստիճանաչափերը նոյնիսկ փոքր տարիքի երաժշտութիւն նուագողները կը սորվին բաժնել, ստեղծել երաժշտական կտորներ եւ ծանօթանալ երաժշտական նմուշներուն: Երաժշտութիւնը մանուկներուն ֆիզիքական զարգացումը կ'ապահովէ, անոնք նաեւ կ'ըլլան կարգապահ եւ ինքնահամարում կ'ունենան: Այն աշակերտները որոնք կը մասնակցին երաժշտական յայտագիրներու միշտ իրենց դասընկերներէն աւելի բարձր նիշեր կ'ապահովեն թուաբանութեան եւ անգլերէնի մէջ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են նաեւ թէ այն անձերը որոնք երաժշտական դասերու հետեւած են փոքր տարիքէն յաճախ կ'ունենան շատ լաւ լսողութիւն նոյնիսկ 50 տարի վերջ: Դուք կրնաք անմիջապէս որոշել ձեր զաւակը երաժշտութեան դասընթացքի արձանագրել: Ծնողներ, զարգացուցէք ձեր զաւակին միտքն ու զգացումները որ ան երաժշտական տաղանդ ունենայ: Եթէ կ'ուզէք իմանալ թէ որքան օգտակար է երաժշտութիւն նուագելը որեւէ տարիքի Այցելեցէք nammfoundation.org կայքէջը: